25 Տարի Առաջ Այս Օրը Ազատագրուեցաւ Բերձորը (տեսանիւթ)


«Արցախփրես»․-1992 թուականի այս օրը` Մայիս 18ին, հայկական ուժերը ազատագրեցին Հայաստանը Արցախին կապող կենսական նշանակութիւն ունեցող Բերձոր (Լաչին) քաղաքը:

Քաղաքին միջէն անցնող ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը, մինչեւ հիմա կը համարուի հայկական երկու պետութիւնները իրար կապող ամենայարմար «երակ»ը, իսկ այն ժամանակ անիկա «կեանք»ի միջանցք էր Արցախի համար: Քաղաքի ազատագրումով սկսաւ նաեւ ամբողջ շրջանի` Քաշաթաղի ազատագրումը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրախեպութիւնը ծանրագոյն վիճակի մէջ էր` չկար ելեկտրականութիւն եւ կազ: Զինամթերքի, սննդամթերքի, դեղորայքի, վառելիքի անհրաժեշտ նուազագոյն քանակը կը տեղափոխուէր քաղաքացիական թռիչքներու միջոցով:

Մայիս 13ին շարունակուեցաւ հայկական ուժերու կեդրոնացումը Զարասլի գիւղին մօտ, որ կը գտնուի Շուշիի ու Լաչինի միջեւ: Այստեղ կեդրոնացուած էին զինամթերքի տասնեակ միաւորներ եւ մեծաքանակ կենդանի զինուժ: Լաչինի հետ կապը խզուած էր, այնտեղ աւերուած էին հիւանդանոցը, դպրոցը, տեղական կառավարման մարմնի շէնքը:

Մայիս 15ին հայկական ջոկատները գրոհեցին բարձունքի վրայ գտնուող Աղդամի շրջանի Գիւլաբլու գիւղը: Ազրպէյճանական զօրքերը, ունենալով քանակի եւ դիրքի առաւելութիւն, ետ մղեցին գրոհը: Գիւլաբլուի բարձունքէն հակառակորդը կը գնդակոծէր Ստեփանակերտի եւ հայկական այլ բնակավայրերու քաղաքացիական բնակչութիւնը: Մայիս 17ին հայկական ուժերը ետ մղեցին ազրպէյճանական բանակին գրոհը Շուշիի ուղղութեամբ, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 1000 զինուոր` 20 հրասայլերու եւ այլ զրահամեքենաներու մասնակցութեամբ:

Լաչինի մէջ փոխհրաձգութիւն կ՝ընթանար ազրպէյճանցիներու զինուած ուժերուն եւ տեղաբնակ քիւրտերուն միջեւ: Սակայն, երբ վերսկսաւ երթեւեկութիւնը Բերձորէն Գորիսի շրջան՝ շրջանցիկ ճանապարհով, ազրպէյճանական ջոկատները, տեղի բնակչութեան հետ միասին, սկսան շտապ հեռանալ Լաչինէն:

Մայիս 18ին, Հայաստանի խորհրդարանի առաւօտեան նիստին, պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեան յայտնեց, որ բացուած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհը: Օրուան երկրորդ կիսուն, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը խոստովանեցաւ Լաչինի անկումը: