Վարչապետ Փաշինեան կը հիւընկալէ հայ անուանի գիտնական Ռեյմոնդ Տամատեանը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 18-ին հիւրընկալած է հայ անուանի գիտնական, գիւտարար եւ բժիշկ Ռեյմոնդ Տամատեանը, որ MRI (Magnetic resonance imaging) սարքի ստեղծողն է:
Վարչապետը ողջունած է յայտնի գիտնականերու այցը հայրենիք եւ բարձր գնահատած բժշկութեան մարզին մէջ յեղափոխական դեր ունեցած անոր գիտական յայտնագործութիւնը: «Ձեր այցը լաւ առիթ է քննարկելու ապագայ Հայաստանի մասին մեր պատկերացումներու մասին: Մեր կառավարութիւնը Հայաստանը կը տեսնէ որպէս արհեստագիտութեամբ զարգացած պետութիւն եւ Ձեզ նման հայրենակից ունենալը վստահութիւն կը ներշնչէ, որ ատիկա իրագործելի է»,- ըսած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ պարոն Տամատեանը հայ ժողովուրդի տաղանդի բացառիկ օրինակ է:
Գիտնականը վարչապետին ներկայացուցած իր գործունէութիւնն ու ծրագիրները, անդրադարձած է նոր սերունդի` կատարելագործուած MRI սարքի հնարաւորութիւններուն:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստանի բժշկական եւ գիտական շրջանակներու հետ համագործակցութեան, նոր MRI սարքով ՀՀ առողջապահութեան մարզը համալրելու հնարաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ կրթութեան ու գիտութեան ոլորտներու զարգացման մասին:
Նշենք, որ Յունիս 17-ին Տամատեան հանդիպած է նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, որ գիտնականին առաջարկած է դիտարկել հայ մասնագետներու հետ համատեղ նախագիծեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները։