«Ներումը Կու գայ Ճանաչումէն Ետք». Հայաստանի Նախագահին Ուղերձը Էրտողանին


“Արմենփրե”,- Զուիցերիոյ  հանրային հեռատեսիլային ընկերութիւնը (RTS) հարցազրոյց ունեցած է  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյցէն։

Նոյեմբեր 11ի արարողութիւններուն ընդառաջ, երբ բազմաթիւ երկիրներու մէջ պիտի նշուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի  աւարտին 100ամեակը, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ այդ իրադարձութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ «ճանչնալու» կամ «յիշելու 1915-1916-թուականներուն հայերու կրած ցեղասպանութիւնը»:  «Ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կարելի է խօսիլ Առաջին համաշխարհային պատերազմի մասին` առանց անդրադառնալու այն ողբերգութեան, որ տեղի ունեցած է շուրջ 105 տարի առաջ եւ առանց խօսելու ցեղասպանութեան մասին: Երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ճանաչումը կամ կոչը բարձր պիտի գնահատուի իմ կողմէն, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին կողմէ», ըսած է նախագահ Սարգսեան:  

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս ողբերգութեան մը ճանաչում չէ, որ կը վերաբերի մէկ ժողովուրդի: Նախ եւ առաջ անիկա 20րդ դարու առաջին, ամենամեծ ցեղասպանութիւնն է: Քանի որ ան չկանխուեցաւ, ճանաչում ու դատապարտում չունեցաւ, յետագային եւս 20րդ դարուն ցեղասպանութիւնները կրկնուեցան», շարունակած է նախագահը:

Ուղերձ էրտողանին. «Ներումը կու գայ ճանաչումէն ետք”

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին իր ուղերձի վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան` Արմէն Սարգսեան ըսած է, թէ պատրաստ է երկխօսութեան եւ յղում ըրած է իր քրիստոնէական համոզումներուն։ Ան չէ բացառած, որ օր մը ներում պիտի ըլլայ, սակայն «ներումը կու գայ ճանաչումէն ետք»: Անոր համոզումով` այդ ճանաչումը պատմական աւելի լայն ընդգրկում պիտի ունենայ, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»:   

 «Ես նախ եւ առաջ կ’ըսէի Էրտողանին. «Բարի լոյս, պարոն նախագահ: Կը կարծեմ` մենք միասին քննարկելու հարց ունինք: Դուն Թուրքիոյ նախագահն ես, իսկ ես` Հայաստանի: Իմ ընտանիքը, իմ նախնիները Էրզրումէն, Վանէն ու Պիթլիսէն են: Իմ հին ընտանիքը պատմութիւն ունի: Ինչո՞ւ չխօսինք Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու մասին, ինչո՞ւ չխօսինք մեր անձնական պատմութիւններու մասին: Մենք պէտք է խօսինք ոչ միայն պատմութեան, այլեւ ապագայի մասին` քու ու իմ երեխաներու, թոռներու ապագային, մեր երկու ժողովուրդներու մասին: Ես քրիստոնեայ եմ: Քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ, որ միշտ կայ ներելու հնարաւորութիւն, սակայն ներողամտութիւնը կրնայ միայն յաջորդել ճանաչումին», ըսած է Սարգսեան: 

 «Մէկ տարի ետք Փարիզի մէջ մեծ համերգ` նուիրուած Ազնաւուրին»

Հայաստանի նախագահը յայտնած է, որ պայմանաւորուած է Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կազմակերպել բարեգործական մեծ համերգ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին, «Ըստ ամենայնի, 2019ի Հոկտեմբերին: «Բազմաթիւ երգիչներ եւ դերասաններ պիտի ըլլան»,  կ՛ըսէ ան` յիշելով, որ Էմանուէլ եւ Պրիճիթ Մաքրոններու հետ Երեւանի մէջ Ազնաւուր երգած են: «Ես եւ Էմանուէլ Մաքրոնը մեր տիկիններուն հետ այցելեցինք Շարլ Ազնաւուրի թանգարան եւ կեցավայր:  Ես առաջարկեցի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին մէկ տարի ետք կազմակերպել մեծ բարեգործական համերգ Փարիզի մէջ` ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի:  Յուսով եմ, որ այդ համերգը տեղի պիտի ունենայ 2019ի Հոկտեմբերին: Անիկա պէտք է ըլլայ բարեգործական համերգ, որուն պիտի հրաւիրուին աշխարհահռչակ դերասաններ, երգիչներ: Ես խօսած եմ իմ խումբ մը ընկերներուն հետ, որոնք ըսած են, որ իրենց համար մեծ պատիւ պիտի ըլլայ իրենց արուեստը ներկայացնել այդ համերգին»: