Գանատայի Հայերը Կառավարութեան Կոչ Կ՛ընեն Դատապարտելու Ազրպէյճանի Նախայարձակումը


ՕԹԹԱՈՒԱ․-  Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման վերջին դէպքերը եւ Ալիեւի վարչակարգին անհիմն նախայարձակումը:

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիսթիա Ֆրիլանտին յղուած նամակին մէջ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Շահէն Միրաքեան նշած է, որ Գանատայի եւ միջազգային հանրութեան՝ միջադէպի վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս գալու անկարողութիւնը աւելի կ՛ուժեղացնէ Ալիեւի վարչակարգը եւ տարածաշրջանին մէջ յետագայ բռնութեան ու ապակայունացման համար խթան կրնայ հանդիսանալ:

Անոր խօսքով` աւելի մեծ անհանգստութեան տեղիք կու տայ այն փաստը, որ հրադադարի խախտման վերջին դէպքերը արձանագրուած են, երբ Պաքուն հրաժարած է ԵԱՀԿ դիտարկող առաքելութեան թոյլ տալ առաջնագիծ այցելելէ: «Դիտարկումը շատ կարեւոր է  վստահութիւնն ու համագործակցութիւնն ամրապնդելու համար, որոնք Ազրպէյճան միշտ կը ձախողեցնէ», նշած է Միրաքեան:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 16ին հակառակորդը հաստոցաւոր հակատանկային նռնականետերէ խախտած է հրադադարը Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են զինուորներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեան, Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեան եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեան:

Իսկ Յունիս 17ի առաւօտեան ազրպէյճանական կողմը հիւսիսային ուղղութեամբ դիմած է հերթական սադրանքի, որուն հետեւանքով զոհուած է զինուոր Նարեկ Տիգրանի Գասպարեան:

Եւս 2 զինուորներ վիրաւորուած են: