Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւն


Յունիս 29ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեանը:

Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Բաբգէն Սրբազանի ազգասիրական, հայանպաստ գործունէութիւնը, համայնքը միաւորելուն, հայապահպանութեան ուղղուած անոր ջանքերը:

Սփիւռքի նախարարը Բաբգէն արքեպիսկոպոսին ներկայացուց նախարարութեան կատարած աշխատանքներն ու իրականացուցած ծրագիրները, անդրադարձաւ նոր ծրագիրերուն, «Հայրենիք-Սփիւռք» 6րդ համաժողովի կազմակերպական աշխատանքներուն:

Բաբգէն Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց համայնքի յաջողութիւնները և նուաճումները: Ան հպարտութեամբ նշեց, որ Գանատայի հայկական համայնքի, կազմակերպութիւններու եւ դեսպանի ջանքերով Օթթաուայի կեդրոնին` Համադաշնութեան պուրակին մէջ, տեղադրուած է յայտնի գանատահայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի կիսանդրին, որ հայ ժողովուրդի նուէրն է Գանատայի ժողովրդին եւ կը խորհրդանշէ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ ամուր բարեկամութիւնը: Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնին նուիրուած քայլարշաւներուն Գանատայի հայ համայնքի մասնակցութեան, որոնց կը միաւորէին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, անկախութեան ու վերածնունդի գաղափարները:

«Մենք պէտք է ըլլանք առաջին քալողները, որպէսզի մեր ետեւէն տանինք նաև հօտը: Ստեղծած ենք Միացեալ յանձնախումբ՝ տօները միասնական կազմակերպելու, համայնքային խնդիրները միասին լուծելու համար». աւելցուց Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան:

Քննարկուեցան սփիւռքի համայնքները միաւորելու, համահայկական առաջնահերթութիւններուն մասնակցելու միասնական համակարգող մարմին ստեղծելու, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու աջակցութեան կազմակերպման առնչուող հարցեր: