Գանատայի Վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին


Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Հոկտեմբեր 13ի առաւօտեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան Գանատայի վարչապետին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը:

Թրիւտօ նաեւ շրջայց կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ։ Թանգարանի  յուշամատեանին մէջ ան գրեց․ «Գանատացիները միշտ խիզախաբար կագնած են ատելութեան եւ բռնութեան դէմ, որ սարսափելի գործողութիւններու պատճառ դարձած է: Այսօր մենք կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հանդիսաւոր կ՛երդուինք` թոյլ չտալ, որ պատմութիւնը կրկուի»։

Այնուհետեւ ան Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկեց:

Գանատայի Ծերակոյտը 2002ի Յունիս 13ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշում ընդունած է: