Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Ժամանեց Երեւան` Մասնակցելու Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17րդ Գագաթնաժողովին


Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ ժամանեց Երեւան` մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովին:  «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ան դիմաւորեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի կողմէ:

Գանատայի Վարչապետ Թրիւտօ կը դիմաւորուի ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի կողմէ՝ “Զուարթնոց” օդակայանին մէջ։

Հոկտեմբեր 10-ին Թրիւտօ «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ պիտի հանդիպի Քէպէքի վարչապետ Ֆրանսուա Լեգոյին: Այնուհետեւ պիտի ուղեւորուի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր, ուր պիտի մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գագաթնաժողովի  ծիրէն ներս ընտանեկան լուսանկարի ստեղծման արարողութեան: Վարչապետ Թրիւտօ ելոյթով հանդէս պիտի գայ Ֆրանսախօս երկիրներու 17րդ գագաթնաժողովի բացման արարողութեան, այնուհետեւ պիտի մասնակցի լիագումար նիստին: Ան նաեւ պիտի մասնակցի սահմանափակ լիագումար նիստին:

Թրիւտօ երեկոյեան ներկայ պիտի ըլլայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք համերգին:

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Գանատայի վարչապետին Հոկտեմբեր 11ի օրակարգը պիտի աւարտի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած վարչապետներու ընթրիքին մասնակցութեամբ:

Այցի ծիրէն ներս կը շնախատեսուի առանձնազրոյց և ընդլայնուած կազմով հանդիպում ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Նախատեսուած են նաև հանդիպումներ ՀՀ նախագահին և Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի  հետ: Թրիւտօ պիտօ այցելէ նաև Մեծ Եղեռնի զոհերու հուշահամալիր։

Գանատայի վարչապետին պաշտոնական այցը Հայաստան պիտի աւարտի Հոկտեմբեր 13ին: