Դիլիջանի Մէջ Պաշտօնապէս Բացուեցաւ Մոնթէ Մելքոնեանի Անուան Ռազմական Վարժարանը


Դիլիջանի մէջ, Նոյեմբեր 21ին, տեղի ունեցաւ Մոնթէ Մելքոնեան անուան ռազմական վարժարանին պաշտօնական բացումը:

Հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ շնորհաւորելէ ետք բոլորը, իր ելոյթին մէջ նշեց․ «Այս վարժարանը Մոնթէի գործին շարունակականութեան փայլուն վկայութիւնն է եւ անոր խորհրդանիշը: Մոնթէն պետականութեան եւ կանոնաւոր բանակի ստեղծման ամէնաեռանդուն ջատագովներէն մէկն էր: Ան առաջիններէն էր, որ հասկցաւ կարգապահ, արհեստավարժ ու ներդաշնակ ստորաբաժանումներու ստեղծման կարեւորութիւնը: Մարտունիի պաշտպանութեան ժամանակ, անոր ղեկավարած ստորաբաժանումներուն բացառիկ յաջողութիւնները կապուած էին առաջին հերթին այս հանգամանքին:

«Մոնթէն իր տեսակին մէջ բացառիկ առաջնորդ էր: Այս վարժարանն ու իր սաները պէտք է ըլլան այդպիսին` առաջինը ամէն ինչի մէջ եւ ամէնտեղ: Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի համապատասխան պայմաններ ստեղծենք այս վարժարանի սաներուն համար»։

Հանրապետութեան նախագահը, այնուհետեւ, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն եւ հանդիսութեան ներկայ հիւրերուն հետ դիտեց կրթահամալիրի սաներուն հանդիսաւոր քայլերթը։

Ապա տեղի ունեցաւ Մոնթէ Մելքոնեանի արձանի բացումը, զոր կատարեցին վարժարանի նախկին սան Վահագն Ասատրեան եւ ներկայ սան Դաւիթ Անդէասեան։ Բացման արարողութեան յաջորդեց Մոնթէ Մելքոնեանի ռազմամարզական վարժարանի 80 առաջին դասարանցիներու խոստման արարողութիւնը։

«Ճանապարհ դէպի բարձունք» անուան տակ՝ վարժարանի սաները ցուցադրեցին իրենց մարտական հնարքները։

Հանրապետութեան նախագահը շրջեցաւ վարժարանին մէջ ու ծանօթացաւ ուսումնառութեան եւ վարժարանի սաներու կենցաղավարութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, ապա ներկայ եղաւ վարժարանին մէջ ԹՈւՄՕ-բանակ համագործակցութեամբ ստեղծուած լսարանի բացման:

Նշենք, որ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանին մէջ կրթութիւն կը ստանան աւագ դպրոցի` 10, 11 եւ 12րդ դասարաններու աշակերտները: Այժմ ուսանողներուն թիւը 190 է, անոնցմէ 94ը ընդունուած են այս տարի: Աշակերտները Հայաստանի տարբեր մարզերէ են: Վարժարանին մէջ կրթութիւնը կ՛իրականացուի հանրակրթական ծրագիրով։

Ամբողջովին նոր, միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխանող վարժարանին մէջ ստեղծուած են հրաշալի պայմաններ` ուսումնառութեան եւ ժամանցի համար: Վարժարանին մէջ կը գործեն ժամանակակից սարքերով յագեցած մարզադահլիճներ, կառուցուած են լողաւազան, ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ մեծ թենիսի դաշտ: Կը մատուցուի որակեալ սնունդ` բարձրակարգ ճաշարանի մէջ: Վարժարանը կը հոգայ սաներու կեցութեան, սնունդի եւ հագուստի ծախսերը: Կրթական ընթացքը Երկուշաբթիէն-Ուրբաթ է, հանգստեան օրերուն սաները կրնան մեկնիլ տուն կամ մնալ վարժարանին մէջ: