Երեւանը 2017ի Զբօսաշրջային Մատչելի Քաղաք` Ըստ Momondo-ի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Բրիտանական յայտնի www.momondo.co.uk որոնողական համակարգը Երեւանը ներառած է 2017 թուականի մատչելի զբօսաշրջային քաղաքներու շարքին: Յօդուածին մէջ ընտրուած են ամբողջ տարուան համար այցելութեան նախընտրելի քաղաքները: Երեւան այցելելու համար խորհուրդ կը տրուի ընտրել Յունիս ամիսը:

Նախընտրելի եւ մատչելի քաղաքներու շարքին են նաեւ Պուլկարիոյ Սոֆիա, ԱՄՆ Թեքսաս նահանգի Սան Անթոնիօ, Իռլանտայի Պելֆասթ, Ուքրանիոյ Լուով, Յունաստանի Քալամաթա քաղաքները եւ այլն:

Հեղինակները Երեւանի մէջ պարտադիր այցելութեան վայրերէն նշած են Հիւսիսային պողոտան, Օփերայի շրջակայքն ու Հանրապետութեան հրապարակը, ուր այցելուները կրնան հիանալ իւրօրինակ պարող շատրուաններով:

Հայաստանի մայրաքաղաքը ընգրկուած է ռուսերու աշնանային նախընտրելի ուղեւորութիւններու լաւագոյն տասնեակին մէջ: Վարկանիշը ներկայացուած է ըստ հիւրանոցներու եւ վարձով բնակարաններու որոնման եւ ամրագրման տուեալներու 2016ի Նոյեմբեր 4-6 ժամանակաշրջանին: Նոյեմբերի տօներուն նախընտրելի քաղաքներու 10ին մէջ էին Երեւանը, Պրահան, Մինսկը, Տալլինը, Պաքուն, Թիֆլիսը, Վիլնիւսը, Ռիկան, Հելսինքին եւ Լոնտոնը: