Հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահէ 6 Տարի Տրամադրած Է «Մատեան Ողբերգութեան»ը Ֆրանսերէնի Թարգմանելու


Ֆրանսացի նշանաւոր հայագէտ, բանասէր եւ պատմաբան Ժան-Փիեռ Մահէ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աշխատութիւնը 6 տարուան ընթացքին ֆրանսերէնի թարգմանած է: Անոր համոզումով, հայերէնին եւ ֆրանսերէնին միջեւ կան նմանութիւններ, որոնք կ՛օգնեն աւելի դիւրութեամբ կատարելու թարգմանութիւնները:

«Առաջին անգամ Հայաստան այցելած եմ տակաւին 40 տարի առաջ, որմէ ետք սկսայ Նարեկացի ուսումնասիրել: Այն ատեն արդէն իսկ ֆրանսերէն թարգմանութիւն մը կար, անոր որոշ չափով ծանօթացած էի, սակայն որքան որ ճիշդ ըլլար, անիկա Նարեկին համը չէր տար: Բանաստեղծ Ռուբէն Մելիք ուզեց, որ նոր թարգմանութեան ձեռնարկեմ: Իրականութեան մէջ թերահաւատութեամբ սկսայ գործին` մտածելով, որ չ՛արժեր արդէն թարգմանուածը նորէն թարգմանել: Ու թէեւ կը հրապուրուէի Նարեկի կերտողութեամբ, սակայն բուն իմաստը չէի հասկնար: Ատիկա տեւեց մինչեւ այն օրը, երբ կարդացի Հրաչեայ Թամրազեանի առաջին յօդուածները: Յանկարծ Նարեկը սկսայ նկատել ոչ թէ իբրեւ երկինքէն ինկած ասուպ մը, այլ` միջնադարեան Հայաստանի մէջ ծնած եւ Նարեկավանքին մէջ դաստիարակուած պատմական անձնաւորութիւն մը», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ֆրանսացի հայագէտը:

Ժան-Փիեռ Մահէ հայերէն սկսած է սորվիլ իր հայրենիքին` Ֆրանսայի մէջ:

«Առհասարակ այն, որ երկու լեզուներուն մէջ ալ շեշտերը կը դրուին իւրաքանչիւր բառի վերջին վանկին վրայ, կը զգանք բանաստեղծական որեւէ բնագիր թարգմանելու ընթացքին, ատիկա շատ կ՛օգնէ կշռոյթը գտնելու համար: Եթէ հայերէնով տաղ մը կարդանք եւ շեշտերը լսենք, ճիշդ նոյնը պէտք է ֆրանսերէնով կրկնենք` օգտուելով բառերէն, որոնք նմանապէս վերջին վանկին վրայ շեշտադրուած կ՛ըլլան», եզրափակեց Ժան-Փիեռ Մահէ: