Հա­յաս­տա­նի Մէջ Ե­րե­խա­նե­րուն Գրե­թէ Մէկ Եր­րոր­դը Թէ՛ Աղ­քատ Է, Թէ՛ Ու­նի Բազ­մա­կի Եւ Հա­մընկ­նող Խո­ցե­լիու­թիւն


ՄԱ­Կի ման­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի (ԵՈՒ­ՆԻ­ՍԵ­Ֆի) հա­յաս­տա­նեան գրա­սե­նեա­կը եւ ՀՀ­ Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած են Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ամ­բող­ջա­կան ազ­գա­յին վեր­լու­ծու­թիւ­նը ման­կա­կան բազ­մա­չափ աղ­քա­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Իր տե­սա­կին մէջ այս հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ա­ռա­ջինն է մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ եւ հիմ­նո­ւած է ազ­գա­յին բազ­մա­կի եւ հա­մընկ­նող խո­ցե­լիու­թեան վեր­լու­ծու­թեան մե­թո­տա­բա­նու­թեան վրայ, որ մշա­կո­ւած է ԵՈՒ­ՆԻ­ՍԵ­Ֆի  Ի­նո­չեն­տի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կին կող­մէ (Ֆլո­րեն­սիա): Զե­կոյ­ցը ման­կա­կան աղ­քա­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ ամ­բող­ջա­կան պատ­կեր մը կու տայ ազ­գա­յին պա­րու­նա­կին մէջ՝ նե­րա­ռե­լով թէ՛ բազ­մա­չափ, թէ՛ դրա­մա­կան աղ­քա­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ տո­ւեալ­նե­րու տրա­մադ­րում չա­փում­նե­րու հա­մընկ­ման աս­տի­ճա­նի վե­րա­բե­րեալ:

«Ման­կա­կան աղ­քա­տու­թիւ­նը ա­ւե­լին է, քան պար­զա­պէս դրա­մա­կան կա­րի­քը. ա­նի­կա բազ­մա­չափ է: Ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար աղ­քատ ըլ­լալ կրնայ նշա­նա­կել զրկո­ւած ըլ­լալ կեան­քի հա­մար վճռո­րոշ պայ­ման­նե­րէ, ինչ­պի­սիք են սնու­ցու­մը, կրթու­թիւ­նը, ժա­մանցն ու կա­ցա­րա­նա­յին պայ­ման­նե­րը: Այս զրկանք­նե­րը ա­ւե­լին են, քան պար­զա­պէս դրա­մա­կան կա­րիք­նե­րը, ո­րոնք կ­՛ազ­դեն ե­րե­խա­յի ոչ միայն ներ­կայ կեան­քին, այ­լեւ՝ յե­տա­գա­յին ի­րենց ամ­բող­ջա­կան նե­րու­ժը զար­գաց­նե­լու կա­րո­ղու­թեան վրայ», նշած է Հա­յաս­տա­նի մէջ ԵՈՒ­ՆԻ­ՍԵ­Ֆի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տա­նիա Ռա­տո­չա­յը:

Վեր­լու­ծու­թիւ­նը կը չա­փէ կա­րի­քա­ւո­րու­թիւ­նը շարք մը չա­փում­նե­րով, ո­րոնք ընտ­րո­ւած են շա­հագր­գիռ կող­մե­րու հետ խորհր­դա­տո­ւա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծըն­թա­ցի ար­դիւն­քով՝ խարս­խո­ւե­լով նաեւ Ե­րե­խա­յի ի­րա­ւունք­նե­րու մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րին: Ա­նոնք են՝ սնու­ցու­մը, վաղ ման­կա­կան կրթու­թիւնն ու խնամ­քը, կրթու­թիւ­նը, ժա­ման­ցը, ըն­կե­րա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, հա­գուս­տի առ­կա­յու­թիւ­նը, տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը, թա­ղա­յին եւ տնա­յին պայ­ման­նե­րը: Զե­կոյ­ցի մե­թո­դա­բա­նու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կեն­սա­փու­լա­յին մօ­տե­ցումն է. տար­բեր տա­րի­քի ե­րե­խա­ներ ու­նին տար­բեր կա­րիք­ներ: Ուս­տի վեր­լու­ծու­թեան հիմ­քին մէջ կան ե­րեք հիմ­նա­կան՝ 0-5, 6-14 եւ 15-17 տա­րի­քա­յին խում­բեր:

Գիւ­ղաբ­նակ ե­րե­խա­նե­րուն 82 տո­կո­սը խո­ցե­լի է, մինչ­դեռ քա­ղա­քաբ­նակ­նե­րու միայն 53 տո­կո­սը խո­ցե­լի է: Գիւղ-քա­ղաք այս կտրուկ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմ­քին մէջ կայ թա­ղա­յին պայ­ման­նե­րը (87 տո­կոս) եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան հա­սա­նե­լիու­թեան սահ­մա­նա­փակ ըլ­լա­լը (57 տո­կոս), մինչ­դեռ ա­սի­կա ճշմա­րիտ է քա­ղա­քաբ­նակ ե­րե­խա­նե­րուն միայն 1/3ի պա­րա­գա­յին: Ի դէպ, զրկանք­նե­րու բաշխ­ման կամ աղ­քա­տու­թեան յստակ չա­փում­նե­րու ա­ռու­մով չկան նշա­նա­կա­լից սե­ռա­յին տար­բե­րու­թիւն­ներ:

Երբ բազ­մա­չափ աղ­քա­տու­թիւ­նը կը հա­մադ­րո­ւի դրա­մա­կան աղ­քա­տու­թեան հետ, իւ­րա­քան­չիւր 3 ե­րե­խա­յէն 1ը թէ՛ աղ­քատ է, թէ՛ խո­ցե­լի: Ե­րե­խա­նե­րուն 28 տո­կո­սը խո­ցե­լի է 2 եւ ա­ւե­լի շե­մե­րու վրայ եւ աղ­քատ է: Այս ե­րե­խա­նե­րը հա­սա­րա­կու­թեան ա­մե­նա­խո­ցե­լի հա­տո­ւածն են, եւ ա­նոնց պէտք է ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տրո­ւի ըն­կե­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէ: Ե­րե­խա­նե­րուն 36 տո­կո­սը կա­րի­քա­ւոր է, բայց ոչ աղ­քատ: Այս ե­րե­խա­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ է ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թիւն՝  խո­ցե­լիու­թիւ­նը վե­րաց­նե­լու հա­մար, քա­նի որ ա­նոնք կրնան դուրս մնալ այն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած են միայն նիւ­թա­կան աղ­քա­տու­թեան յաղ­թա­հար­ման:

Վեր­լու­ծու­թիւ­նը կա­րե­ւոր տո­ւեալ­ներ կը հա­ղոր­դէ ոչ միայն ըն­կե­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մշակ­ման հա­մար՝ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու, որ­պէս­զի ե­րե­խա­նե­րը պաշտ­պա­նո­ւած ըլ­լան վտանգ­ներ, այ­լեւ՝ ընդ­լայ­նե­լու այն ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը, ո­րոնց կա­րի­քը ե­րե­խա­նե­րը ու­նին: Ան­կախ օգ­տա­գոր­ծո­ւող մե­թո­դա­բա­նու­թե­նէն, վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը մե­զի կը յու­շէ, որ ե­րե­խա­նե­րը ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ տա­րի­քա­յին խումբ, են­թա­կայ են աղ­քա­տու­թեան վտան­գին: Ման­կա­կան աղ­քա­տու­թիւ­նը վե­րաց­նե­լը մար­տահ­րա­ւէր է շատ եր­կիր­նե­րու հա­մար եւ ա­ռանց­քա­յին խնդիր­նե­րէն է: