ՏԱՏԻԿԻ ԽՈՀԱՆՈՑ․ Սուրբ Ծննդեան Աւանդութիւններ


Սովորաբար բոլոր հայկական շրջաններու մէջ, Յունուար 5-ի երեկոյան ժողովուրդը կը հաւաքուի եկեղեցւոյ մէջ, Ճրագալոյծի պատարագով միասնաբար ոգեկոչելու Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տարեդարձը: Աւանդութեան համաձայն, պահքի շրջան է եւ այդ օր պահքը կը լուծարուի եւ հաւատացեալները կը ստանան Սուրբ Հաղորդութիւն: Մասնակիցները իրենց հետ վառուող մոմեր կը տանին տուն, տօնական ընթրիքի սեղանի մոմը վառելու համար, այդպիսով Քրիստոսի լոյսը բերելով օջախ: Ապա դպրաց դասը կը շրջի տունէ – տուն եւ ՙԱւետիս՚ երգելով մարդոց կը փոխանցէ Յիսուսի ծննդեան աւետիսը: Ամսուն 6ին կը մատուցուի Պատարագ. կը կատարուի ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ Յիսուսի մկրտութեան ծէսը: Աւանդութեան համաձայն օրուան ամենախոշոր նուիրատուն առիթ կʼունենայ ըլլալու օրուան  կնքահայրը: Հաւատացեալները կը խմեն ջրօրհնէքի ջուրէն եւ իրենց հետ փոքր սրուակներով կը տանին իրենց տուն, տարուան ընթացքին հիւանդութիւններու դէմ որպէս սպեղանի : Յաջորդող օրերուն քահանան այցելելով բոլոր ծուխերը կը կատարէ տնօրհնէքի ծիսակարգ: Սովորաբար տօնական ճաշատեսակներն են.- բրինձով փիլաւ, ձուկ, տապկած կանաչի, անուշապուր, տարեհաց կամ կաթնահունց: Ի դէպ, որոշ շրջաններու մէջ պահքը կը լուծարեն ամսուն 5ի գիշերը, իսկ այլ տեղերˋ ամսուն 6ին, Պատարագէն տունդարձին:

Սակայն առանձին շրջաններու մէջ, դարերու ընթացքին ձեւաւորուած է նաեւ այլ սովորութիւններ, որոնք հետաքրքրական այլազանութիւն կը ստեղծեն մեր այդպէս ալ հարուստ աւանդութեանց մէջ:

Զէյթունի մէջ, եկեղեցիէն վերադարձին, պահքը կը լուծարեն ճաշակելով չոր նուիկի (վայրի բանջար) տապակայ. այն յիշողութեամբ, որ Յիսուս ծնած ըլլալով մսուրի մէջ, Աստուածածինը իրեն պարուրած է այդ բանջարի տերեւներով: Ապա երեքական գաւաթ կը խմեն իրենց տնական օղիէն եւ կը ճաշակեն մատաղի միսն ու արգանակը, բրինձ-ապուր, ձուածեղ, քամած մածուն, կարագ ու մեղր:

Խարբերդի մէջ սովորութիւն էր այդ գիշեր ճաշակել փերփեր (փիփերթ) ապուր: Աւետիս երգող պատանիները, տանտիկիններու կողմէ կը վարձատրուին ստանալով կորկոտ, տհալ – ղաւորմայ, գինի, հաւկիթ, հաց, ռուպ, եւայլն։ Այս օրը կը նշուի նաեւ ՙԱւետիս՚ եւ ՙՏօնապետ՚ անունը կրող մարդկանց անուանակոչութեան օրը: Իսկ Ղզլարի հայերը, ջրօրհնէքի արարողութեան ժամանակ սովորութիւն ունեցած են աղաւնիներ թռցընել:

Հաճընի մէջ սովորութիւն է այդ երեկոյան ուխտի երթալ քաղաքին մերձակայ Ս. Յակոբի վանքը: Կէս գիշերին զանգերը ղօղանջելով կʼաւետեն Յիսուսի ծնունդը. այնուհետեւ կը սկսի Պատարագը, որու ընթացքին պատանի հովիւներ դպիրի շապիկ հագած, իրենց հովուական սրինգները նուագելով կը յառաջանան դէպի խորանը, ապա կ’երգեն ՙԽորհուրդ մեծ եւ սքանչելի՚ շարականը, որուն կը միանայ վանքի շրջաբակին մէջ մայող ոչխարներու ձայնը, ստեղծելով Յիսուսի ծննդեան պատկերը: Յաջորդ օրը, Յիսուսի մկրտութեան արարողակարգը կը կատարուի գետեզերքին:  Ծէսի ընթացքին, եկեղեցականը միւռոն կը կաթեցնէ գետին մէջˋօրհնելով ջուրը, ապա  ընտրեալ կնքահայրը խաչը կը նետէ ջուրին մէջ, որուն կը սպասեն երիտասարդները, որոնք անմիջապէս կը նետուին ջուրˋ խաչը հանելու պատիւը եւ օրհնութիւնը վաստակելու համար:

Եոզկատի մէջ վարժարանի ուսուցիչը աշակերտական երգչախումբին կʼառաջնորդէ տուները երգելու օրուան յարիր շարականներ: Բնականաբար տնեցիք կը հիւրասիրեն պատանիներուն եւ նուէրներ ալ կʼընծայեն: Միաժամանակ, ուրիշ պատանիներ, գօտեկախի սովորութեամբ, ծնելոյզէն կը կախեն իրենց տոպրակները, երգելով.- ՙՔրիստոս ծնաւ եւ յայտնուեցաւ, աւետի՜ս, կեր գաթաս կախէ՚. տանտիկինները լսելով այս երգը, տոպրակները կը փութան լեցնել տան սեղանի բարիքներով: Կէս գիշերն անց, կոչնակի ձայնը մարդկանց կը տանի եկեղեցի, հաւաքական աղօթքով նշելու Քրիստոսի ծնունդը: Տունդարձին, մարդիկ փողոցին մէջ զիրար կը շնորհաւորենˋ ՙՔրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի – մեզի մեծ աւետիս՚ խօսքերով: Վերադարձին, ընտանիքն ամբողջ կը հաւաքուի տան հիւրասենեակը, ուր բոլորը, հերթաբար կը մօտենան համբուրելու տան աւագի ձեռքը եւ ստանալու նուէր: 

Տէօրթեօլի մէջ ծննդեան աւետիսը երգելու համար, բազմաթիւ խումբեր կը հաւաքուին, կը շրջին փողոցներով ու տուներով: Պատանիները ձեռքերնին բռնած կʼըլլան հովիւի խորհրդանշական ձեռնափայտ և մախաղ. մարդիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն երգողներուն հիւրասիրելով մրգեղէն եւ չէօրէկ:  Նախօրէին, երիտասարդ աղջիկները երգող պատանիներուն համար հիւսած կʼըլլային փոքրիկ պայուսակներ կամ մեծ գուլպաներ, որպէսզի ընծաները մէջը լեցնեն: Ջրօրհնէքը կը կատարուի գետեզերքին, որմէ յետոյ տան բոլոր կարասներն ու կաթսաները կը լեցուի միւռոնուած սուրբ ջուրով. ընտանիքի բոլոր անդամները կը լոգնան այդ սրբագործուած ջուրով: Ոմանք այդ ջուրը կը պահեն արծաթեայ սափորներու մէջ, որպէսզի ամէն օր կաթեցնեն ամենօրեայ խմելու ջուրի կարասին մէջ:

Մուսալերան ժողովուրդը  ՙՏունէն Զէտէկ՚ (տան զատիկը) կը կոչէ այս տօնը.  Խթման գիշերը, աւետիս երգող պատանիներ, երբ լուսաբացին կը հաւաքուին եկեղեցւոյ բակին մէջ նուէրները բաժնուելու համար, նուէր ստացած դգալները կը նուիրաբերեն եկեղեցուն: Տարածուած հաւատալիք մըն է, որ այս մոգական գիշերուան այն ակնթարթին, երբ ծառերը կը խոնարհին, եթէ ոեւէ մէկը ինչ-որ բան խնդրէ, անպայման կը կատարուի: Երիտասարդներ սովորութիւն ունին մութնուլոյսին, կոչնակի զանգին հետ իջնել ձորակ, լողալու վտակին մէջ, որքան ալ պաղ ըլլայ անոր ջուրը: Ջրօրհնէքի պատարագէն յետոյ, գիւղացիք իրարու շնորհաւորական կարճ այցելութիւններ կու տան. միմեանց կը դիմեն` ՙԱմէն տարի այս օրը ողջ-առողջ մնաք՚ բարեմաղթելով: Տօնի յատուկ ճաշն է կոլոլակով մածնապուրը: Քեսապի մէջ, ըստ հին աւանդազրոյցի, գիշերուայ մթութեան մէջ, երիտասարդները գաղտագողի մըտնելով գետին մէջ, իրենց հետ բերած են տափակ քար մը եւ թաղած իրենց տնամերձ պարտէզին մէջ, աղերսելով բերքի առատութիւն:

Մարաշի հայութիւնը Սուրբ Ծնունդին նախորդող օրը սովորութիւն ունի գառնուկ կամ ուլ զոհաբերել, որպէսզի տօնական սեղանին պատրաստեն բրինձով, չիրերով եւ ընկուզեղենով փորը լեցուած ամբողջական խորովածը: Նոր Նախիջեւանցիք տօնի առիթով կը թխեն ՙթելբաց կուբաթի՚ անունով ձուկով հացը:  Վանի աւանդական խոհանոցին մէջ այդ առիթով պատրաստած են դոշաբով եփած ալրեճաշ ու ռշտա – ձաւարով փլաւ:

ԳՆԴԻԿ ՄԱԾՆԱՊՈՒՐ

Բաղադրութիւնը
գնդիկի համարˋ

1 գաւաթ մանր կորկոտ

1 գաւաթ ծեծած միս

50 կրամ կարագ

կարմիր եւ սեւ պղպեղ

քիմիոն

աղ

ապուրի համարˋ

1 լիտր մածուն

1 լիտր ջուր

1 հաւկիթ

1/4 գաւաթ բրինձ

փոշի անանուխ

Պատրաստութիւնը

-Գնդիկի մէջ դրուելիք կարագը փոքր խորանարդներու վերածել, ըստ ցանկութեան վրան կարմիր կծու պպղպեղ ցանել: Խառնել գնդիկի խմորի բաղադրիչները  եւ շաղել: Ապա վերածել փոքր գնդիկներու, իւրաքանչիւրն մէջ կտոր մը կարագ դնելով:

–         Ապուրին համար, մածունը զառնել հաւկիթով եւ եռացնել. ապա խառնել եռման ջուրը, մէջը եփել բրինձը, ապա գնդիկները եւ մատուցել տաք: