Համազգայինի «Ծաղկունք»ը


“Ծաղկած Բալենի”, Մինէ Ծատուրեան Համազգայինի “Էրեբունի” պարախումբի աղջիկներու հետ

Մարաթուկ


Չկայ արժանաւոր վերելք՝ առանց տքնաջան աշխատանքի. եւ այդ աշխատանքը աւելի կ՚իմաստաւորուի, ապագայ յաջողութիւնները աւելի կ՚ամրապնդուին մեր հաւաքական ոյժով, իւրաքանչիւրս իրը տալով, բաժնեկից դարձնելով ուրիշին։ Ի վերջոյ՝ Թէքէեանի խորհուրդին համաձայն՝ մեզի կը մնայ այն ինչ որ կու տանք ուրիշին։ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի «Ծաղկունք» երաժշտական երեկոն, փոխադարձ սիրոյ, վստահութեան, յարգանքի, բարձրացիր-բարձրացուրի, միասնական ճիգերու տօնախմբութիւն էր։ Արհեստավարժ, տաղանդաւոր արուեստագէտին ու նորահաս, խոստմնալից , ծաղկող երիտասարդին կամրջումն էր, ամիսներու՝ իսկ ոմանց համար տարիներու աշխատանքին արգասիքն էր, Հայրենի Տուն էր, Ծաղկած Բալենի էր, սէր ու խաղաղութիւն էր, գոյատեւում էր , անցեալէն դէպի ապագայ ձգտող, արմատներէն դէպի սաղարթներ երկարող յոյսի ու լոյսի դրսեւորում էր, որուն վայելքով ջերմացանք տօնական օրերու սեմին, բուք ու բորանը մէկ դի դնելով։

Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր, 2017. Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահը լեցուն է հայ եւ օտար հանդիսատեսներով, որոնք հետաքրքրութեամբ կը թերթեն խնամքով պատրաստուած յայտագիրին էջերը.-  Դասական, քնարական, ժողովրդական երգեր՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, ռուսերէն լեզուներով, դաշնամուրի, տուտուկի, քանոնի ընկերակցութեամբ, համեմուած՝ նայիրեան հեզաճկուն աղջիկներու պարերով։ Աւելորդ է ըսել, թէ որքան հարուստ, բազմերանգ երեկոյ մը մեզ կը սպասէ։ 

Մենակատարը՝  շնորհալի Մինէ Ծատուրեան, Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբին մէջ զարգացուցած է երգարուեստի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը, մասնակցած է Royal Conservatory of Musicի մրցոյթներուն փայլուն արդիւնքներու հասնելով. ձայնամարզութեան կը հետեւի խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի մօտ։ 12-րդ դասարանի աշակերտ Մինէ արդէն իսկ մրցանակներու արժանացած եւ քանիցս իբր մենակատար բեմ բարձրացած է։

Մինէի պիտի միանան Համազգայինի «Հայ Աստղեր» երգչախումբի մեծերը, որոնք բազմիցս իրենց ներդաշնակ կատարողութեամբ, գեղեցիկ ձայներով հմայած են մեզ. Սեւակ Յարութիւնեանը, որ իր յատուկ ձայնով տպաւորիչ մեկնաբանութիւններով արժանացած է հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին.  Հալէպի ծնունդ՝ Լեւոն Գարակիւլէեանը, վերջերս հաստատուեցած է Թորոնթօ եւ արդէն իսկ տարբեր առիթներով իր գեղեցիկ ձայնով հարստացուցած մեր ձեռնարկները։

Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քանոնահար Մատիանա Թորոսեանը, որուն մեկնաբանութիւնները վայելած ենք մեր մշակութային ձեռնարկներուն ընթացքին. մեր զուտ հայկական տուտուկը հազարամեակներու պատմութիւն ունի եւ այսօր նոր շունչ պիտի ստանայ Սեյրան Ղազարեանի կատարողութեամբ. արհեստավարժ դաշնակահար Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան, որուն մենահամերգներն ու նուագակցութիւնները վայելած ենք տարիներու ընթացքին։ «Ծաղկունք»ին յաւելեալ բուրմունք կու տան այս երեկոյ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի հեզաճկուն, մախմուր աղջիկները, բեմադրիչ եւ պարուսոյց Արեւիկ Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ։

Բախտաւորութիւն է մեր կողքին ունենալ Համազգայինի «Հայ Աստղեր» եւ «Գուսան» երգչախումբերու տարիներու տաղանդաւոր դաշնակահար ու մշակ Վանիկ Յովհաննէսեանը։ «Ծաղկունք»ի ղեկավարն ու մտայղացողը՝ Հռիփսիմէ Թովմասեան, տարիներու տաղանդաւոր, արհեստավարժ խմբավար եւ ձայնամարզող է, Համազգայինի «Հայ Աստղեր» եւ «Գուսան» երգչախումբերու խմբավարը։

Օրուան հանդիսավար՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի երկլեզու, համապարփակ բացման խօսքէն ետք, կարմիր, թաւշեայ վարագոյրը կը բացուի ու ետին՝ բեմին խորքը, երկինքի կապոյտին մէջ, Չարենցի կամարին ներքեւ, լուսինը իր կլոր դէմքը պարզած, մեծ ու փոքր Մասիսին հետ ծառերուն ծաղկունքը կ՚աւետէ – յարդարումը Արփի Գաթրճեանի։  Ծափերուն հետ բեմահարթակին վրայ կը յառաջանան դաշնակահար Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանն ու մենակատար Մինէ Ծատուրեանը։

Առաջին երկու կարճ ներկայացումներէն ետք (vocalise), կ՚անցնինք Let there be peace on earth, Già La Notte S’avvicina, Sometimes I feel like a motherless child, Old Irish blessing, Empty chairs at empty tables երգերուն, որոնք իրերայաջորդ կերպով, ինքնավստահօրէն ներկայացնելէ յետոյ էջը կը դարձնենք դէպի շատերուն սիրելի՝ Ave Mariaն։ Ծափերը իւրաքանչիւր ներկայացումէ յետոյ աւելի ու աւելի կը բարձրանան։ Դժուար է հաւատալ, որ մեր աչքերուն առջեւ կանգնող երկար, կարմիր զգեստով, հասուն, գեղեցիկ ձայնով պարմանուհին, երէկուան «հայ աստղ»իկն է, նոյնինքն Մինէն։ 

«Մախմուր աղջիկ»ը նոր էջ մը կը բանայ երեկոյին մէջ. քանոնահար Մատիանա Թորոսեան, դաշնակահար Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան, մենակատար Մինէ Ծատուրեանն ու Համազգայինի Էրեբունի պարախումբի աղջիկներէն՝ Վանի Եագուպեանը, Մարիա Մանուկեանն ու Լանա Տէր Պետրոսեանը՝ իրենց երազային կապոյտ զգեստներով, հոյակապ ամբողջութիւն մը կը ստեղծեն բեմի վրայ։ Պարին բեմադրութիւնը՝ Արեւիկ Մարտիրոսեանի։

Կու գայ յաջորդել սրտաճմլիկ Տլէ Եամանը, տուտուկի ընկերակցութեամբ Սեյրան Ղազարեանի։ Մինէի ու Սեյրանի հարազատու համերաշխ մեկնաբանութիւնը պահ մը մոռցնել կու տայ, թէ մեր աչքերուն դիմաց կանգնողները տակաւին չեն թեւակոխած երիտասարդութեան տարիքը։

«Ծաղկած բալենի»ն վրայ կը հասնի. քանոն, դաշնամուր, երգ ու պար կը խլեն բոլորիս որոտընդոստ ծափերը։ Մատիանան, Թալինը, Մինէն եւ Էրեբունի պարախումբէն Լանա Տէր Պետրոսեանը, Ատրինէ Արթինը, Էմմա Ղուպաթեանը, Վանի Եագուպեանը, Մարիա Մանուկեանն ու Բերլա Բուշմանեանը վարդագոյն, ծաղկաւոր զգեստներով, քնքոյշ, հեզասահ պարով (բեմադրութիւն՝ Արեւիկ Մարտիրոսեանի) յայտագիրի առաջին բաժինը կը հասցնեն իր պանծալի աւարտին։     

Հանդիսատեսը չյագեցած՝ անհամբեր կը սպասէ երկրորդ բաժինին։ «Իմ անուշ» հայրենիք»ը կը գրաւէ մեր հոգիները։ Դաշնամուրի վրայ է Վանիկ Յովհաննէսեանը, Մինէի կ՚ընկերակցի Համազգայինի «Հայ Աստղեր»ու մեծերու խումբը։ Բարձրորակ մեկնաբանութիւն, իրարու ամբողջացնող ձայներ մեզ յուզումնալից «Պատրանքի թեւով» կը փոխադրեն մօր գիրկը ու ապա՝ «Տուն իմ հայրենի»։ Հիացմունքի մեծագոյն ապացոյցը՝ հանդիսատեսին թաց աչքերը ու սրահը թնդացնող ծափերն են։ Չմոռնանք նշել, որ երգչախումբի բաժիններու մշակումին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունի Վանիկ Յովհաննէսեանը։

ԵօթանասունականներուI will surviveը տարբեր մթնոլորտի մէջ կը դնէ մեզ։ Դաշնամուրի վրայ է Հռիփսիմէ Թովմասեան, Մինէ իր աշխարհին մէջ է։ Մինէի եւ Սեւակ Յարութիւնեանի զուգերգը՝ «Էլեգիա»ն՝ դաշնակահար Վանիկ Յովնաննէսեանի ընկերակցութեամբ, այնքան հոգեհարազատ ու անպաճոյճ է։ Դարձեալ կը վերադառնանք եօթանասունականներուն, այս անգամ ABBAի Winner takes it allը կը հնչէ, կատարողութեամբ Մինէ Ծատուրեանի, Վանիկ Յովհաննէսեանի ընկերակցութեամբ։ Լեւոն Գարակիւլէեանն է Մինէի ընկերակցողը, What a wonderful world հռչակաւոր երգին մէջ։ Լեւոնն ու Մինէն իրենց տպաւորիչ զուգերգովյաջողած են հրաշալի աշխարհ փոխադրել հանդիսատեսը։ «Որտեղ գտնեմ քեզ»ին դարձեալ առիթը կ՚ունենանք վայելելու Սեւակ Յարութիւնեանի ձայնը. Սեւակ եւ Մինէ այս երգին կու տան նոր աւիւն։

Padonne-Moi, Maybe I maybe you, Love is like a dream ֆրանսերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն երգերուն մեկնաբանն է Մինէ Ծատուրեանը. երգերուն այլազանութիւնը զգալի է։ Ամիրխանեանի «Քեզ հետ իմ սէր»ին, Մինէի կ՚ընկերակցին Դուին Գաթրճեանն ու Ալթինա Եալտըզճեանը դարձեալ, մշակումին մէջ իր ներդրումը ունի Վանիկ Յովհաննէսեանը։

Մինէ խօսք կ՚առնէ շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինին, իր ուսուցիչներուն, ձայնամարզութեան ուսուցիչ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանին եւ բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնած են իրեն։

“Time to say goodbye” Մինէ Ծատուրեան եւ Լեւոն Գարակիւլէեան

Con te partirò (Time to Say Goodbye)ին Մինէ իր եթերային գոյներով շքեղ զգեստով, Լեւոն Գարակիւլէեանի հետ սիրոյ զգացումներու տարափ մը կը ստեղծեն բեմի վրայ։

«Ապրե՜լ, Ապրե՜լ, այնպէս ապրել որ ուրիշի խնդութիւնս խնդաս, ուրիշի ցնծութիւնով ինքդ էլ ցնծաս, ինքդ էլ թնդաս…։ Ապրի՜ մեր Ծաղկունքը…»։ Շնորհակալական հակիրճ խօսքին մէջ, Թամար Տօնապետեան Գուզուեան կը նշէ բոլոր մասնակցողները, առաւել՝ երաժիշտ Խաչիկ Բաբայեանը, գլխաւոր նուիրատու Լեւիկ եւ Սեւանա Մաթեւոսեանները, Սամուէլ եւ Լիլիթ Շահպազեանները, բոլոր նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակողները, Մինէի ծնողքը՝ Վահէ եւ Անաբել Ծատուրեանները, երգչախումբի վարչական կապ Լորիկ Գաթրճեանը։

Բոլորը բեմի վրայ են, վերջին երգը՝ Happy Christmas. Let it be a good one, without any fear.

Խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեան, Մինէ Ծատուրեան, դաշնակահարներ Վանիկ Յովհաննիսեան եւ Թալին Արթինեան կ՛ընդունին ծաղկեփունջներ՝ յետ համերգի։

Ծաղկեփունջերու տուչութեան ժամանակ ծափերը կը շարունակուին երկար. շնորհաւորանքի խօսքերը, յուզիչ ողջագուրումները, կ՚երկարին գունաւոր խմիչքներու ու միրգերու ճոխ սեղանին շուրջ։

«Ծաղկունք»ին ընդմէջէն նոր թեւեր առնելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն ու Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակը կը դիմաւորենք վառ յոյսերով, շարունակելու այն ինչ որ մեզի վստահուած է` տօնախմբել, վառ պահել մեր մշակոյթը եւ ներշնչել մեր նորահաս սերունդը դէպի լուսաւոր ապագայ։