Առ Այսօր Աւելի Քան 41 Հազար Մարդ Վերադարձած Է Արցախ


Վերադարձած արցախցիներ՝ Ստեփանակերտի մէջ

«Արմէնփրես»,- Ռուսական խաղաղապահ ուժերու և ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ Դեկտեմբեր 18-ին Արցախ վերադարձած է 457 մարդ, որոնք հեռացած էին իրենց  բնակավայրերէն պատերազմական գործողութիւններու պատճառով,  կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Ընդհանուր առմամբ Արցախ վերադարձած է 41 հազար 275 մարդ», նշուած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: