Արցախի Ամենատարեց 111-ամեայ Արեւհատ Տատիկը Մասնակցած է Նախագահական Ընտրութիւններուն


«Երկիր Մեդիա»,- Այսօր՝ Ապրիլ 14-ին Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան օրն է: Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 103 հազար 637 քաղաքացի:

Ընտրութիւններու 2-րդ փուլի քուէարկութեան մասնակցած է նաեւ ամենատարեց ընտրողը` 111 տարեկան Արեւհատ տատիկը։

Արցախի նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեանի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է․ «Քիչ առաջ քուէարկութեան մասնակցեցաւ Արցախի ամենատարեց ընտրողը` 111 տարեկան Արեւհատ տատը: Ան կը բնակի Մարտունի շրջանի Թաղավարդ գիւղին մէջ: Հարազատներու փոխանցմամբ` որքան փորձած են համոզել, որ, համավարակի վտանգին պատճառով ընտրելու չերթայ, տատը ոչ միայն չէ ենթարկուած, այլեւ ըսած է. «Հանգիստ եղէք, ես միւս քուէարկութեան ալ պիտի մասնակցիմ»», գրած է Պօղոսեան:

Նշենք, որ Մարտ 31-ին տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններու արդիւնքով նախագահի թեկնածուներէն ոչ մէկը յաղթահարած էր բոլոր թեկնածուներուն կողմ քուէարկած ձայներու կէսէն աւելին։ Այդ պատճառով երկրորդ փուլին կը մասնակցին՝ առաւելագոյն ձայներ հաւաքած նախագահի երկու թեկնածուներ Արայիկ Յարութիւնեան (49.26%) եւ Մասիս Մայիլեան (26.4%)։