Արցախի Իշխանաձոր Գիւղին Մէջ Կը Կառուցուի Եւս 11 Առանձնատուն


«Արցախփրես»․- Արցախի կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ՝ Իշխանաձորի մէջ կը կառուցուի եւս 11 առանձնատուններ, որոնք պիտի տրուին բազմազաւակ ընտանիքներու եւ վերաբնակիչներու:

Իշխանաձոր  համայնքի ղեկավար Արսէն  Թէյլունց ընդգծեց, որ գիւղին մէջ կ՛ապրի մօտ 400 բնակիչ, ծնելիութեան թիւը կ՛աճի եւ համայնքին մէջ արդէն ունին 5 բազմազաւակ ընտանիք, որոնք կ՛օգտուին պետական  նպաստներէն:

«Համայնքին մէջ կը գործէ դպրոց, ուր կը յաճախէ մօտ 100 աշակերտ, որոնցմէ 60ը`  նախադպրոցական խումբերու մէջ: Ի դէպ, մօտ օրերս պիտի սկսին դպրոցի վերանորոգման աշխատանքները:

«Ուրախութիւն   բոլորիս`  տարիէ տարի կ՛աւելնայ դպրոց  յաճախողներուն թիւը: Համայնքին մէջ ակնառու է վերաբնակիչներու թիւի աճը. Անոնք  հիմնականօրէն Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Հայաստանի  տարբեր մարզերէ  եկածներն  են: Նշեմ  նաեւ, որ օրերս «Թուֆենկեան»  հիմնադրամին  կողմէ վերակառուցուած եւ շահագործման  յանձնուած է սուրիահայ  բժիշկ  Հայկ  Խաչատրեանի  առանձնատունը,- ըսած  է Թէյլունց եւ աւելցուցած,- գիւղին մէջ կը գործէ բուժկէտ եւ ունինք  «Վազ»  մակնիշի  մեքենայ:

«Գիւղը կ՛օգտուի շուրջօրեայ  ջրամատակարարումէն: Արցախի Հանրային հեռուսատատեսութիւնը եւ համացանց  կապը հասանելի են գիւղի բնակչութեան: Միջպետական եւ գիւղի ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքները ընթացքի մէջ են»:

Իշխանաձոր   համայնքի  ղեկավարին  տեղեկացմամբ` բնակչութեան հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնն է:

«Բնակչութիւնը կատարած է 1000 հա աշնանացան ցորեն, գարի, եգիպտացորեն։ Կ՛ակնկալենք ստանալ 30-40 կենդինար բերք», աւելցուցած է ան:

Խօսելով գիւղին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին`  Թէյլունց նշած է, որ  համայնքը ակումբի շէնք  չունի, կազ  չունի, փոքրիկ իշխանաձորցիները  տակաւին մանկապարտէզի կարիք ունին: