Սեպտեմբեր 1ին Հայաստանի առնուազն 17 գիւղերու դպրոցներուն մէջ առաջին դասարան չկար: Կարգ մը գիւղերու մէջ արդէն քանի մը տարիէ չկայ առաջին դասարան:
Հայկական Ժամանակ թերթը կը ներկայացնէ ցանկը այն գիւղերուն, ուր առաջին դասարան չկայ.
Շիրակի մարզի 3 համայնք՝ Ալվար, Թաւշուտ, Անի-Կայարան: Նախորդ երկու տարիներուն առաջին դասարան չեն բացուած նաեւ Աղուորիկ, Շաղիկ, Անի-Կայարան, Հովտուն, Բանդիւան, Հողմիկ գիւղերուն մէջ:
Սիւնիքի մարզի 8 համայնք՝ Աղուանի, Տանձաւեր, Տանձատափ, Նորաւան, Լծեն, Շիկահող, Նորաշէն, Տաշտուն: Նախորդ երկու տարիներուն առաջին դասարան չէ եղած մարզի աւելի քան 15 շրջաններու մէջ:
Արագածոտնի մարզի 5 համայնք՝ Թլիկ, Ցամաքասար, Դիան, Արեւուտ, Ոսկեթաս:
Այս տարի առաջին դասարան չկայ նաեւ Տաւուշի մարզի սահմանային Բարեկամաւան գիւղին մէջ:
Վերջին 10 տարիներուն Հայաստանէն հեռացած է շուրջ 310 հազար մարդ, ամէն օր՝ 100 հոգի…