Հարցազրոյց Տոքթ. Անի Հասըրճեանի Հետ՝ ACMAOի 30ամեակին Գծով


Գէմպրիճի Շաբաթօրեայ Վարժարանէն ներս BRUSHAMANIA 

Հ. Այս տա­րի Օն­թա­րիո­յի Գա­նա­տա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան 30րդ ­տա­րե­դարձն է։ Կրնա՞ք ­ներ­կա­յաց­նել ըն­կե­րակ­ցու­թեան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ։

Պ. Ան­շուշտ, Օն­թա­րիո­յի Գա­նա­տա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, որ նաեւ կը կո­չո­ւի Armenian Canadian Medical Association Of Ontario (ACMAO) այս տա­րի կը բո­լո­րէ իր 30ա­մեա­կը։ Տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր բո­լոր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը նո­ւի­րո­ւած են այս յա­տուկ տա­րե­դար­ձին, սա­կայն տա­րե­վեր­ջին կը ծրագ­րենք ու­նե­նալ 2 ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը կա­լան է, Նո­յեմ­բեր 24ին. ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը հա­ղոր­դենք շու­տով։ Երկ­րոր­դը՝ Հա­յաս­տա­նի Երկ­րա­շար­ժի 30ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած Ո­գե­կոչ­ման Հա­ւաք մըն է Դեկ­տեմ­բե­րին 7ին։ Մեր փա­փաքն է, երկ­րա­շար­ժի 25ա­մեա­կի Յի­շա­տա­կի Հա­ւա­քին նման, ան ըլ­լայ ամ­բողջ թո­րոն­թո­հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս՝ Միջյա­րա­նո­ւա­նա­կան Յանձ­նա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ծա­նօթ է, որ 1988ի Դեկ­տեմ­բեր 7ին, երբ Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժը ֆի­զի­քա­պէս ցնցեց մեր Հայ­րե­նի­քը, միա­ժա­մա­նակ այդ դղրդիւ­նը առիթ հան­դի­սա­ցաւ Սփիւռ­քի մեր Ժո­ղո­վուր­դին՝ Հայ­րե­նի­քին օ­ժան­դա­կե­լու միաս­նա­կան զգաս­տու­թեան։ Այս հի­ման վրայ, երկ­րա­շար­ժի յա­ջորդ օրն իսկ, ա­ղէ­տեալ­նե­րուն նպաստ հասց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րուն ընթացքին, որ­պէս Բա­րե­սի­րա­կան Կազ­մա­կեր­պու­թիւն, Թո­րոն­թո­յի Հայ Կեդ­րո­նին մէջ ծնունդ ա­ռաւ  Օն­թա­րիո­յի Գա­նա­տա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը։

Այդ թո­ւա­կա­նին, խումբ մը նո­ւի­րեալ բժիշկ­ներ, ա­տամ­նա­բոյժ­ներ, դե­ղա­գործ­ներ եւ հի­ւան­դա­պա­հու­հի­ներ, Թո­րոն­թո­յի Միու­թիւն­նե­րուն կող­քին կազ­մա­կեր­պե­ցին դե­ղո­րայ­քի եւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան կա­րիք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ օ­ժան­դա­կու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։

Տա­րե­դարձ­նե­րը ան­հատ­նե­րու, ըն­տա­նիք­նե­րու կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կեան­քէն ներս պա­տեհ եւ յա­տուկ ա­ռիթ­ներ են հե­տա­դարձ հայացքով իրենց գոր­ծու­նէու­թեան վե­րար­ժէ­ւոր­ման։ Ա­նոնք ա­ռիթ կ­’ըն­ծա­յեն գնա­հա­տե­լու ան­ցեա­լի ար­ժէք­նե­րը, քննե­լու եւ սեր­տե­լու ներ­կան, ա­պա հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ մշա­կե­լու նոր ծրա­գիր­ներ։ Մենք, որպէս ընկերակցութեան հիմնադիրներու զաւակներ,  կը գի­տակ­ցինքը Հայ­րե­նի­քի եւ Ար­ցա­խի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ո­լոր­տի մէջ ACMAOի աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ անց­նող 3 տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին։ Այ­սօր ժա­մա­նա­կը հա­սած է սերն­դա­փո­փո­խու­թեան։ Կա­րե­ւոր է հիմ­նա­դիր­նե­րու նո­ւի­րու­մի ու ծա­ռա­յու­թեան ջա­հը հե­զա­սահ փո­խան­ցել նոր սե­րուն­դին՝ թրծե­լով զի­րենք անձ­նո­ւի­րու­թեան ար­ժէք­նե­րով, վառ պա­հե­լով ի­րենց մէջ այն գի­տակ­ցու­թիւ­նը, թէ Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք զի­րար ամ­բող­ջաց­նող միա­ւոր­ներ են եւ միաս­նա­կան ո­գին միայն մեզ կը զօ­րաց­նէ։

Նոր գի­տե­լիք­նե­րով եւ թէք­նո­լո­ճիի յա­ռա­ջա­ցած մի­ջոց­նե­րով, ներ­կա­յիս կա­րե­լի է հե­ռա­ւոր վայ­րե­րէ խոր­հուրդ­ներ հա­ղոր­դե­լ, նոյ­նիսկ վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ուղ­ղու­թիւն­ներ տալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րող մաս­նա­գետ բժիշկ­նե­րուն։ Մեր Ե­րի­տա­սարդ բժիշկ մաս­նա­գետ­նե­րը ­զի­նո­ւած ար­դիա­կան գի­տու­թեամբ այս մա­կար­դա­կի ներդ­րում կրնան ու­նե­նալ Հայ­րե­նի­քին․ նաեւ կրնան Բժշկա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի Դա­սա­ւան­դու­թեան Ծրագ­րի՝ Curriculumի, բա­րե­փո­փո­խու­թեան օ­ժան­դա­կել։ Բա­րե­բախ­տա­բար Հայ­րե­նի­քը 30 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի մէջ դար­ձած է ո­րոշ չա­փով յա­ռա­ջա­դէմ եր­կիր։

Խումբ մը Առողջապահութեան ոլորտի մասնագետներ որոնք ներկայ եղան Տեղեկութիւններու Հաւաքին։

Հ. Ու­րիշ ի՞նչ ­ձե­ւե­րով տե­ղա­կան Օօժան­դա­կու­թեան ծրա­գիր­ներ ու­նիք այս տա­րեշր­ջա­նին։

Պ. Ըն­կե­րակ­ցու­թեան Ծրա­գիր- Կա­նո­նա­գի­րը կ­’ընդգր­կէ Գի­տա­կան, Բա­րո­յա­կան, Դաս­տիա­րակ­չա­կան կամ Նիւ­թա­կան Օ­ժան­դա­կու­թեամբ նպաս­տել Օն­թա­րիո­յի մեր հա­մայն­քի եւ հայ­րե­նի­քի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կա­րիք­նե­րուն։

Թո­րոն­թո­յի հայ­կա­կան ա­մե­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս Ա­տամ­նե­րու եւ Բեր­նի Հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը Կան­խար­գի­լե­լու ցուց­մունք­ներ տա­լով, գրե­թէ 2 տաս­նա­մեակ մեր Ըն­կե­րակ­ցու­թեան Ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րը դաս­տիա­րա­կած են հայ ա­շա­կերտ­նե­րը։ Այս տա­րի ըն­դար­ձա­կե­լով մեր ծրա­գի­րը, Օն­թա­րիո­յի միակ Ա­մէ­նօ­րեայ Հայ­կա­կան Վար­ժա­րա­նի՝ ՀՕ­Մի Պա­պա­յեան Ման­կա­պար­տէ­զի եւ Գո­լո­լեան Նա­խակր­թա­րա­նի կող­քին յա­տուկ դաս­տիա­րակ­չա­կան Brushamania յայ­տագ­րով, ACMAOի ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րը նաեւ այ­ցե­լե­ցին կարգ մը Հայ­կա­կան Շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­ներ։ Այդ Վար­ժա­րան­ներն էին՝ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նը, Գէմպ­րիճ քա­ղա­քի Շա­բա­թօ­րեայ Հայ­կա­կան Վար­ժա­րա­նը եւ Հոլ­թըն Փիլի Սուրբ Վար­դա­նանց Ե­կե­ղեց­ւոյ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նը։

Հրա­պա­րա­կա­յին դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քով մը Թո­րոն­թո­հա­յու­թեան կը ջա­նանք ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նիւ­թեր ներ­կա­յաց­նել։ Անց­նող քա­նի մը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին նո­ր Գա­նա­տա հաս­տա­տո­ւող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հրա­պա­րա­կա­յին դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով Առող­ջա­պա­հու­թեան կար­գա­վի­ճա­կի եւ այլ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցած ենք։ Նաեւ ա­տամ­նե­րու եւ բե­րա­նի այլ հի­ւան­դու­թիւն­ներ կան­խար­գի­լե­լու նիւ­թեր ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք բազ­միցս։

Այս տա­րի յա­տուկ ծրագ­րով, Օն­թա­րիոյ Նա­հան­գին մէջ վեր­ջերս հաս­տա­տո­ւած հայ բժիշկ­նե­րու եւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի մէջ ե­ղող մաս­նա­գէտ գոր­ծըն­կեր­նե­րու հա­մար ու­նե­ցանք տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու յա­տուկ հա­ւաք։ Հրա­ւի­րած էինք Health Force Ontario  Նա­հան­գա­յին կառա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն մաս­նա­գէտ մը, որ ցուց­մունք­ներ տո­ւաւ պե­տա­կան քննու­թիւն­նե­րու եւ ար­տերկ­րի վկա­յա­կան­նե­րը վա­ւե­րաց­նե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Հայ ու­սա­նող­նե­րու մրցա­նակ­ներ եւ կրթա­թո­շակ­ներ յատ­կաց­նե­լով կը փա­փա­քինք ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի մէջ մաս­նա­գի­տա­ցող­նե­րը քա­ջա­լե­րել։ Այս տա­րի ՀՕ­Մի Լա­փո­յեան Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նէն 2 ու­սա­նող­ներ ստա­ցան այդ մրցա­նակ­նե­րը։ Մեր փա­փաքն է այդ ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­լէ ետք ի­րենց ու­սու­մը, ACMAOի կամ այլ Միու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով օգ­տա­կար դառ­նան ու­րիշ­նե­րու։

 

Հ. Արդեօք Հայ­րե­նի­քի մէջ նմա­նօ­րի­նակ Ծրագ­րեր ու­նի՞ք։

Պ. Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Դար­մա­նա­տու­նե­րու սար­քա­ւո­րում­նե­րը ը­նե­լու, ձրիա­բար ա­տամ­նա­բու­ժա­կան խնամք ա­պա­հո­վե­լու, դե­ղո­րայք ու­ղար­կե­լու կող­քին, միշտ ջա­նա­ցած ենք որ­պէս Միու­թիւն օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ դաս­տիա­րակ­չա­կան Continuing Educationի դա­սըն­թացք­ներ պատ­րաս­տել եւ ներ­կա­յաց­նել, բժիշկ­նե­րուն եւ մաս­նա­ւո­րա­բար ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։ Ան­ցեա­լին նաեւ վե­րա­պատ­րաստ­ման հա­մար բժիշկ­ներ հիւ­րըն­կա­լած ենք, ո­րոնք Հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լով ի­րենց կար­գին օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցած են նոր գի­տե­լիք­նե­րով։

Այս տա­րի 30ամեա­կի նո­ւի­րո­ւած Հան­գա­նա­կա­յին Ճաշ­կե­րոյթ GALAի հա­սոյ­թէն բա­ժին մը պի­տի յատ­կա­ցո­ւի Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ հիմ­նե­լու՝ Ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րու Վե­րա­պատ­րաստ­ման Կրթա­կան եւ Ա­տա­մի Փտտախ­տի Կան­խար­գիլ­ման յա­տուկ կեդ­րոն մը (Continuing Dental Education and Caries Prevention Centre)․

Տաս­նա­մեակ մը ա­ռաջ, Շրջուն Հան­րա­կարգ Ա­տամ­նա­բու­ժա­կան Դար­մա­նա­տուն մը (Mobile Clinic)՝ նո­ւի­րո­ւած Don Mills Rotary Clubի կող­մէ, Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րը կը շրջէր ձրիա­բար դար­մա­նում­ներ կա­տա­րե­լով։ Ներ­կա­յիս այդ Mobile Clinicը նո­րո­գու­թեան պէտք ու­նի նոյն ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծո­ւե­լու, կան­խար­գի­լե­լու համար ատա­մի փտտախ­տի հարցը։ ACMAOի 30ա­մեա­կի ձեռ­նար­կի հա­սոյ­թէն մաս մըն ալ այդ ծրագ­րին պի­տի յատ­կա­ցո­ւի։

Կան նաեւ կրթա­թո­շա­կի հատ­կա­ցում­նե­րու ծրագ­րեր երկ­րա­շար­ժի շրջա­նէն ե­կող բժշկա­կան ու­սա­նող­նե­րու եւ այլ օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ Ար­ցա­խի հի­ւան­դա­նոց­նե­րու հա­մար։

 

Հ. Սփիւռ­քի Հայ Բժշկա­կան Միու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս ­կը հա­ղոր­դակ­ցին ի­րարու հետ եւ ին­պէ՞ս ­կը հա­մադ­րո­ւի ա­նոնց  գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը։

Պ. Հայ Բժշկական Միջազգային Խորհուրդը (Armenian Medical International Committee) մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նի Սփիւռ­քի տա­րած­քին եւ վար­չա­կան ան­դամ­ներ հեռակայ հաղորդակցութեան միջոցներով միշտ կապի մէջ են։

AMICի Վար­չա­կան ժո­ղո­վին ACMAOի ներ­կա­յա­ցու­ցիչը ըլլալով յայտնեմ, որ Մա­յիս Ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, Ամըսթերտամի մէջ AMICը իր Տա­րե­կան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը գու­մա­րեց։ Սփիւ­քի հա­յա­շատ քա­ղաք­նե­րու Հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան, ինչ­պէս Ար­ժան­թի­նէն, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րէն, Ռու­սիա­յէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Անգ­լիա­յէն, Ֆրան­սա­յի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րէն, Գա­նա­տա­յէն եւայլն․․․

Չորս տա­րին ան­գամ մը Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ չորս տա­րին ան­գամ մըն ալ Սփիւռ­քի մէջ Հա­մաշ­խար­հա­յին Հայ Բժշկա­կան Գի­տա­ժո­ղով­ներ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին AMICի հո­վա­նա­վո­րու­թեամբ։ Վեր­ջին ժո­ղո­վը Հայ­րե­նի­քի մէջ կա­յա­ցած էր 2015ին եւ Սփիւռ­քի մէջ, Ար­ժան­թի­ն՝ 2017ին։ Գի­տա­ժո­ղո­վը 2019ի Յու­լի­սին պիտի կա­յա­նայ Ե­րե­ւանի մէջ։

Ամս­թեր­տա­մի Վար­չա­կան Հա­մա­Ժո­ղո­վի Օ­րա­կար­գին մէջ մաս­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն տրո­ւե­ցաւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին Բժշկա­կան Միու­թիւն­նե­րու եւ այլ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ կա­տա­րած առող­ջա­պա­հա­կան ծրագ­րե­րը հա­մադ­րո­ւած ձե­ւով թո­ւագ­րե­լու եւ AMICի համացան­ցին վրայ Data Base զետեղելու։ Նո­յեմ­բե­րին AMICի Նա­խա­գահ Տոքթ․ Վի­գէն Սէ­փի­լեան Գա­լի­ֆոր­նիա­յէն Թո­րոն­թօ պի­տի այ­ցե­լէ ներ­կայ ըլ­լա­լու ACMAOի 30ամեա­կի GALAին, ուր նաեւ գի­տա­ժո­ղով մը պիտի կազ­մա­կեր­պո­ւի այս կա­պակ­ցու­թեամբ: