Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Յիշատակին


Սո­նա Բու­չի­կեան Սար­գի­սեան

Հո­գե­լոյս Մեղ­րիկ Եպս. Բա­րի­քեա­նի ա­նակն­կալ եւ վա­ղա­հաս վախ­ճա­նու­մը սրտի դառն կսկիծ պատ­ճա­ռեց բո­լո­րիս: Մեր աչ­քե­րուն առ­ջե­ւէն տո­ղան­ցե­ցին Հայր Մեղ­րի­կի վաս­տա­կը` Թո­րոն­թո­յի եւ Գա­նա­տա­յի գա­ղու­թին, Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քին, «Թռչնոց Բոյ­ն»ին եւ այ­լուր:

Սրբա­զան Հայ­րը իր աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան-կրօ­նա­կան գի­տե­լիք­նե­րու մտա­պա­շա­րով շա­ղա­խո­ւած ե­րաժշ­տա­կան իր մաս­նա­գի­տու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ իր  բազ­մա­տա­ղանդ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ, օ­րի­նակ դար­ձաւ մեր հա­մայն­քին: Իր  ազ­նիւ, խո­նարհ ո­գիով ու ծա­ռա­յա­սի­րու­թեամբ, ան ո­գե­ւո­րեց բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ա­ւե­լի պայ­ծա­ռա­ցուց Թո­րոն­թո­յի Ս․ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին ու գա­ղու­թը՝ ո­րուն հա­մար ե­րախ­տա­պարտ ենք: Ան անն­կա­րագ­րե­լի խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց մեր գա­ղու­թէն ներս, ներգ­րա­ւե­լով ե­րի­տա­սարդ, չա­փա­հաս ու տա­րեց սե­րուն­դի ծխա­կան­ներ, բո­լո­րե­լով զա­նոնք ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ:

Շնոր­հա­զարդ Հայր Մեղ­րի­կը իր բո­լոր ստանձ­նած աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­գոր­ծեց ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ, մեծ սի­րով, հա­ւա­տար­մու­թեամբ ու ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով: Ան աշ­խա­տե­ցաւ եւ իր կար­գին ներշն­չեց ու խան­դա­վա­ռեց իր շրջա­պա­տը, ուր որ ալ գտնո­ւէր ան:

Իր տո­ւած հո­գե­շունչ քա­րոզ­նե­րու, ե­կե­ղեց­ւոյ եւ դպրաց դա­սի ու յանձ­նա­խում­բե­րու աշ­խա­տան­քի կող­քին, ան հրա­տա­րա­կեց բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­ներ, գիր­քեր, սկա­ւա­ռակ­ներ եւ տե­սա­հո­լո­վակ­ներ: Տա­ղան­դա­շատ Սրբա­զա­նը նաեւ կազ­մա­կեր­պեց Ս․ Գրա­յին սեր­տո­ղու­թիւն­ներ, եր­գա­հան­դէս­ներ ու բազ­մա­տե­սակ ձեռ­նարկ­ներ՝ ինչ­պէս գրքի շնոր­հա­հան­դէս, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ, Ս․ Զատ­կո­ւայ թա­փօր­ներ եւ այլն:

Հայր Մեղ­րի­կը, ա­մե­նայն վե­հանձ­նու­թեամբ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հայ Կեդ­րո­նէն ներս գոր­ծող ան­հատ­նե­րու, յանձ­նա­խում­բե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու տա­րած ան­խոնջ աշ­խա­տանք­նե­րը, միշտ զա­նոնք պար­գե­ւատ­րե­լով՝ իր կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած յա­տուկ գնա­հա­տագ­րե­րով:

Հա­կա­ռակ իր բազ­մազ­բա­ղու­թեան, ան միշտ պատ­րաստ էր իր պայ­ծառ գա­ղա­փար­նե­րով ու հմտու­թեամբ օգ­տա­կար դառ­նալ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը դի­մէին ի­րեն: Ան­հունօրէն ե­րախ­տա­պարտ ենք իրեն, որ մեր հօր Գե­ղամ Բու­չի­կեա­նի «Յոյ­սի Կա­րա­ւա­նը – Հայ Որ­բին Յու­շե­րը» գիրքի հրա­տա­րա­կու­թեան աջակցեցաւ, իր սուղ ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րեց եւ մե­ծա­պէս օգ­տա­կար դար­ձաւ իր շի­նիչ ցուց­մունք­նե­րով:

Հո­գե­լոյս Սրբա­զան Հայր, խո՜ւնկ­ եւ ա­ղօ՜թք ­ձեր ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին․․․