«Նոր Կիլիկիա»ի Տուները Կը Տրուին Արցախի Նահատակներու Ընտանիքներուն


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի եւ Կիչան համայնքներու հարեւանութեամբ կառուցուող «Նոր Կիլիկիա» անունով գիւղ մը հաստատուեցաւ իր նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով ու յարմարութիւններով: Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեան յատուկ կարգադրութեամբ «Նոր Կիլիկիա»ի տուները առաջնահերթութեան կարգով պիտի յատկացուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներուն:

«Նոր Կիլիկիա» գիւղի բնակարաններու շինութեան երկրորդ հանգրուանը աւարտած է եւ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Մայիս 8ին: Պաշտօնական բացումին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: