Փրօֆ․ Վռամ Ծերունեան Հայաստանի Մէջ Պարգեւատրուեցաւ Երկու Ամենաբարձր Պատուոյ Տիտղոսներով


Յա­րու­թիւն Դեր­ձա­կեան


Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի կա­ռա­վար­չա­կան հմտու­թիւն­նե­րու բաժ­նի հան­րա­յին կա­ռա­վար­ման ծրագ­րի ղե­կա­վար, Ա­մե­րի­կա­յի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թեան կա­ռա­վար­ման ՙ Պետ­րո­սեան կեդ­րոն ՚ի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն, ՙ Ռո­լինկ Հիլզ Էս­թեյթ ՚ քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ, աշ­խար­հի հայ ի­րա­ւա­բան­նե­րու միու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ, ազ­գա­յին գոր­ծիչ ու քա­ղա­քա­գէտ, ի­րա­ւա­բան, նախ­կին Պոլ­սա­հայ յայտ­նի փրոֆ․ Ֆրանք Վռամ Ծե­րու­նեան, իր նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­ցած է Պա­գըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի մէջ, իսկ յե­տոյ Փա­րի­զի Սա­մո­ւէլ Մու­րատ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լէ ետք, մեկ­նած է Ա­մե­րի­կա։ Ան Ա­մե­րի­կա­յի մէջ նախ վկա­յո­ւած է Գա­լի­ֆոր­նիա Սթէյթ հա­մալ­սա­րա­նէն, ա­պա Ո­ւէս­թըրն Սթէյթ ի­րա­ւա­բա­նա­կան վար­ժա­րա­նէն։

Փրոֆ․ Ֆրանք -Վռամ Ծե­րու­նեան հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը դա­սա­խօ­սէ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, նոյն ժա­մա­նակ կը դա­սա­խօ­սէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հան­րա­յին կա­ռա­վար­ման Ա­կա­դե­միոյ գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բի, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի, ինչ­պէս նաեւ Վազ­գէն Սար­գի­սեան ռազ­մա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սու­թեան թէ­մա­նե­րու գի­տու­թեան բաժ­նին մէջ։                                                                   

Իր դա­սա­խօ­սու­թեան նիւ­թերն են՝ «Հան­րա­յին կա­ռա­վա­րում (Public administration – Governance), Ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն (Leadership) եւ բա­նակ­ցու­թիւն (Negotiation)։

Փրոֆ․ Ծե­րու­նեան Յու­նիս 2018ին հրա­ւի­րո­ւած էր Հա­յաս­տա­նի օ­դա­յին ու­ժե­րու հիմ­նադ­րու­թեան 26րդ․ տա­րե­դար­ձի հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն։ Այս հրա­ւէ­րը ե­կած էր Ծե­րու­նեա­նի նախ­կին ա­շա­կերտ­նե­րէն գնդա­պետ․ Գա­գիկ Աս­լա­նեա­նի կող­մէ։ Ծե­րու­նեան այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի մէջ օ­դա­չու­նե­րու մար­զա­վայ­րը, ա­պա Կիւմ­րիի հա­յաս­տա­նի օ­դա­յին ու­ժե­րու կեդ­րոն ( էր Պէյզ )։

Փրոֆ․ Ծե­րու­նեան 27 Յու­նիս 2018ին ՀՀ ­Պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման ա­կա­դե­միոյ (ՊԿԱ)  կող­մէ հիւրն­կա­լո­ւե­ցաւ եւ հան­դէս ե­կաւ մա­գիստ­րո­սի ուս­ման հե­տե­ւող ու­սա­նող­նե­րու առ­ջեւ, անդ­րա­դառ­նա­լով հե­տաքրք­րա­կան եւ ար­դիա­կան թեմա­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­բար կա­ռա­վար­ման ո­լոր­տի մէջ այն­քան կա­րե­ւոր ՙ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ-նոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ՚ թէ­մա­յին։ Բա­նա­խօ­սու­թեան երկ­րորդ մա­սին ա­ռանց­քա­յին նիւ­թը ա­մե­րի­կեան կրթու­թեան ոճն ու փոր­ձա­ռու­թիւնն էր։ Այս մա­սին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ա­կա­դե­միոյ աշ­խա­տա­կազմն ու դա­սա­խօս­ներ։ Պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման Ա­կա­դե­միոյ վե­րա­տե­սուչ Ար­սէն Լո­քեա­նի ա­ռա­ջար­կով, Փրոֆ․ Ծե­րու­նեան ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց նաեւ ի­րենց հա­մալ­սա­րա­նին մէջ գոր­ծող կար­գերն ու բար­քե­րը։

Փրոֆ․ Ծե­րու­նեան հան­րա­յին կա­ռա­վար­ման ա­կա­դե­միոյ կող­մէ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Տոք­թո­րա­յի տիտ­ղո­սով, իսկ Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­կան ու­ժե­րու կող­մէ ալ ՙՊա­տո­ւոյ  Գնդա­պետ՚ի տիտ­ղո­սով: