Մովսէս Աբէլեան
ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է Ընդհանուր Ժողովի եւ համաժողովներու կառավարման հարցերով Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ: Աբէլեան պիտի փոխարինէ Քեթրին Փպլարտին, որ նշանակուած է կառավարման ռազմավարութեան, քաղաքականութեան հարցերով Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին:
Մովսէս Աբէլեան 2016-ին նշանակուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման վարչութեան հարցերով գլխաւոր քարտուղարի փոխտեղակալ: Մինչ այդ պաշտօնը ստանձնելը, ան կը զբաղեցնէր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հարցերով բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը:
Ան ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, հակամարտութիւններու կարգաւորման բնագաւառներին մէջ գործունէութեան 25-ամեայ փորձ, ղեկավարած է Ընդհանուր ժողովի, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ ծրագիրներու ու հիմնադրամներու Գործադիր խորհուրդներու ծիրէն ներս շարք մը գործընթացներ:
Աբէլեան նաեւ ունի կառավարման ոլորտին մէջ մեծ փորձ, ներառեալ ծրագիրներու եւ ամավարկի ծրագրաւորման: Նախապէս զբաղեցուցած է Ընդհանուր ժողովի Վարչական ու ամավարկային հարցերով կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ Ծրագիրներու ու համակարգման հարցերով կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները:
1998-2003 թուականներուն եղած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը, իսկ մինչ այդ` մշտական ներկայացուցիչի տեղակալը: Մինչ դիւանագիտական ծառայութեան անցնիլը, դասախօսած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ:
Կրթութիւնը ստացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ: