ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն Գանատայի օրուան առիթով։ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Հայաստանի ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունէն ջերմ շնորհաւորանքներ ու լաւագոյն մաղթանքներ կը յղեմ Ձեզի Գանատայի օրուան առիթով:
Անցեալ տարի Հայաստան կատարած Ձեր պաշտօնական այցը նոր մակարդակի բարձրացուց մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ համակրանքի վրայ: Ջերմութեամբ կը յիշեմ մեր երեւանեան հանդիպումները, որոնք ի յայտ բերին երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ներուժը արդիւնքի վերածելու մեր փոխադարձ ձգտումը:
Օգտուելով առիթէն` կը ցանկամ նաեւ երախտագիտութեամբ նշել այն զգալի դերը, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ կը կատարէ գանատահայ համայնքը: Անոր տպաւորիչ վերելքն ու նուաճումները լաւագոյնս կը վկայեն այն մասին, որ Գանատան աւանդապէս կը սատարէ եւ առաջ կը մղէ մարդասիրութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան գաղափարներն ու սկզբունքները:
Ընդունեցէք խնդրեմ առողջութեան, յաջողութեան եւ քաղաքական նորանոր յաղթանակներու իմ մաղթանքները Ձեզի եւ խաղաղութեան, յառաջընթացի եւ բարօրութեան մաղթանքներս Գանատայի բարեկամ ժողովուրդին»: