Հայ Ժողովուրդին Համար Ամէն Օր Ապրիլ 24 է, Այլ Խօսքով՝ Պահանջատիրութեան Օր. Արամ Ա․


Ապրիլ 24ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ խուռներամ բազմութեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակը: Այս առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին բարձրացած աշխարհի առաջին յուշակոթողին դիմաց, բարձրացնելու հայու պահանջատէր ձայնը: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական նախարարներ ու երեսփոխաններ, Լիբանանի հայկական երեք կուսակցութիւններ եւ զանազան հայ թէ օտար միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Պահանջատէր ու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին հաւատարիմ հայորդիներուն ուղղելով իր խօսքը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Ապրիլ 24ի կարեւորութիւնը՝ ըսելով. «Հայ ժողովուրդին համար ամէն օր Ապրիլ 24 է. այլ խօսքով՝ պահանջատիրութեան օր»: Նորին Սրբութիւնը խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իր պատգամին մէջ յիշեցուց 100ամեակի Համազգային Հռչակագիրին կարեւորութիւնը՝ որպէս պահանջատիրական պայքարի ուխտի վերանորոգում:

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց.-
Ա) «Կը սպասենք որ Եւրոպան զանազան առիթներով զինք պախարակող Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի քաջ կեցուածք ունենայ»։

Բ) «Հարկ է շարունակել մեր աշխատանքները՝ արաբական ու իսլամական երկիրներու պատասխանատուներու ուշադրութեան յանձնելով Թուրքիոյ հետապնդած փանթուրանական նպատակները»։

Գ) «Անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ համակրութիւն ցոյց տուող Թուրքիոյ մտաւորական շրջանակներուն հետ կապեր հաստատել, ինչպէս նաեւ իսլամացած հայերուն հետ գործակցութեան ուղիներ որոնել»։

Դ) «Իրաւական մարզ մուտքը, Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր, կը նկատենք հրամայական։ Այս ծիրէն ներս մասնագիտական մօտեցումով եկեղեցապատկան կալուածներու թղթածրարի պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կորսնցուցած ինչքերու նիւթական արժեւորումը համահայկական տարողութեամբ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է»։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրակացուց՝ ըսելով. «Հայոց Ցեղասպանութենէն 102 տարիներ ետք մեր պահանջատիրական երթը կը շարունակուի, պէտք է շարունակուի առաւել հաւատքով ու վճռակամութեամբ»: