Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի 11 Քաղաքական Ուժ


Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրուելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով դիմած է 11 քաղաքական ուժ:

Նոյեմբեր 14ին՝ ԿԸՅ նախագահի տեղակալ Արմէն Սմբատեան յատնեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար առաջադրման յայտ ներկայացուցած են «Իմ քայլը» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, ՀՀԿ-ն, «Մենք» դաշինքը, «Ազգային առաջընթաց», «Քրիստոնէա-ժողովրդական վերածնունդ», «Սասնայ ծռեր» , «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնները,  «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը:

Ան վստահեցուցած է, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պատրաստ է Դեկտեմբեր 9ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու պատշաճ մակարդակով իրականացնելու:

Նշենք, որ այսօր կուսակցութիւններն ու դաշինքները ներկայացուցին իրենց ցուցակները: Ստորեւ կը ներկայացնենք ցուցակներու առաջին հինգ թեկնածուներուն անունները․

  1. «Իմ քայլը» դաշինքի ցուցակը կը գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը, որուն կը յաջորդեն` Արարատ Միրզոեանը, Լենա Նազարեանը, Տիգրան Աւինեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը:
  2. «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ընտրական ցուցակի առաջինը Գագիկ Ծառուկեանն է, որուն կը յաջորդեն՝ Միքայէլ Մելքումեանը, Արթուր Գրիգորեանը, Նայիրա Զոհրաբեանը եւ Տիգրան Ուրիխանեանը։
  3. «Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն»կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: Անոր կը յաջորդեն ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը, Արթուր Խաչատրեանը, Արմէնուհի Կիւրեղեանը, Սպարտակ Սէյրանեանը։
  4. Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեանհամամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Վիգէն Սարգսեանը, որուն կը յաջորդեն Արփինէ Յովհաննիսեանը, Դաւիթ Շահնազարեանը,  Վահրամ Բաղդասարեանը, Արմէն Աշոտեանը եւ Էդուարդ Շարմազանովը։
  5. «Լուսաւոր Հայաստան»ի ցուցակը՝ Էդմոն Մարուքեանը, Մանէ Թանդիլեանը, Արման Բաբաջանեանը, Գէորգ Գորգիսեանը, Տարօն Սիմոնեանը։
  6. «Սասնայ Ծռեր» Համահայկական կուսակցութեան ցուցակը ունի հետեւեալ կառուցուածքը՝ Վարուժան Աւետիսեան, Ստեփան Գրիգորեան, Գարեգին Չուգասզեան, Հերմինէ Մկրտչեան, Գէորգ Սաֆարեան։
  7. «Մենք» դաշինքի ցուցակը՝ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը, երկրորդը «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ Խաչատուր Քօքոբելեանը, ապա Անժելա Խաչատրեանը, Արտակ Զէյնալեանը, Բորիս Նազարեանը։
  8. «Քրիստոնէաժողովրդական վերածնունդ»կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորի  քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեանը, որուն կը յաջորդեն Մարիամ Մանուկեանը, Գէորգ Յովսէփեանը, Հայկ Սուքիասեանը, Լեւոն Թումանեանը:
  9. «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը՝ Սուրէն Սահակեան, Արտակ Կիրակոսեան, Ռուզաննա Տորոզեան, Արեգ Թադեւոսեան, Հայկ Սահակեան։
  10. «Օրինաց երկիր»կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Բաղդասարեանը: Ամբողջական ցուցակը դեռ հասանելի չէ:
  11. Ընտրութիւններուն կը մասնակցի նաեւ«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը, որ, սակայն, դեռ չէ հրապարակած իր նախընտրական ցուցակը:

Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2018ի Դեկտեմբեր 9ին, նախընտրական քարոզարշաւը սկիզբ պիտի առնէ Նոյեմբեր 26ին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 7ը: Ընտրական օրէնսգիրքով սահմանուած է 12-օրեայ ժամկէտ: