Բերիոյ Հայոց Թեմի Տարածքին Սկիզբ Առին Վերականգնումի եւ Վերաշինութեան Աշխատանքները. Հաղորդագրութիւն


Հալէպի ազատագրումով, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, սկիզբ առին Թեմի տարածքին վերականգնումի եւ վերաշինութեան նախապատրաստական աշխատանքները, մասնագիտական սերտողութիւնները, ուր առաջնահերթ տեղ կը գրաւէր Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, որ սուրիական տագնապի օրերուն` ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ թիրախ դարձաւ հրթիռակոծումներու, որուն հետեւանքով ալ կարգ մը կառոյցներ քանդուեցան:

30  Մայիս 2018ին, հանդիսապետութեամբ Սրբազան Հօր, յատուկ աղօթքով մեկնարկը տրուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն, ապա շինարարական ընկերութեան եւ հսկող երկրաչափին հետ ստորագրուեցան պաշտօնական համաձայնագիրները:

Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքով, ընդգծեց Սուրիական Հայրենիքին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ վեր բերելով, որպէս խորհրդանիշ, պատմական Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ նշանակութիւնը Հալէպի հայ համայնքին եւ հանուր հայութեան համար: Եկեղեցւոյ եւ շրջակայքի վերաշինութեան ու նորոգութեան ծրագիրը կ՛ընդգրէ եօթը բաժիններ, որոնք պիտի իրագործուին հերթական փուլերով:

Առաջին փուլով սկսած է եկեղեցւոյ եւ մայր մուտքին նորոգութիւնը, որուն շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան մեծ թափով, ուղղակի հսկողութեամբ Սրբազան Հօր, Ազգ. Վարչութեան եւ Շինարարական Յանձնախումբին: Յիշենք նաեւ, որ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը կը վայելէ նաեւ սուրիական պետական բարձրաստիճան շրջանակներու ուշադրութիւնը եւ անվերապահ քաջալերանքը, որուն խօսուն ապացոյցն էր Սրբազան Հօր հրաւէրով, 23 Յունիս 2018ին, Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Ահմէտ Տիապի, Նահանգապատարանի եւ առնչակից գրասենեակներու պատասխանատուներու այցելութիւնը եկեղեցւոյ աշխատավայր, ուր յետ շրջագայութեան նահանգապետը իր գոհունակաութիւնը արձանագրեց տարուած աշխատանքին գծով եւ բարձրօրէն գնահատեց հայ համայնքին ներդրումը Սուրիական Հայրենիքի վերաշինութեան նուիրական գործին:

Անվիճելիօրէն Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, աւելի քան հինգ հարիւր տարիներու իր դարարմատ պատմութեամբ եւ ժողովրդամատոյց առաքելութեամբ, կը հանդիսանայ Սուրիոյ հայ համայնքին հաւատքի ծաղկումին, տառապանքին, վերածնունդին եւ ստեղծագործ հանճարին շքեղ վկայարանը, եւ մենք երախտաւորի զգացումներով կը ներբողենք պատմութիւն կերտած` բայց պատմութիւն չդարձած հաւատքի այս Տունը՝ ըսելով. «Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա»:

Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի