Իրաքահայութիւնը Կ՛աջակցի Սահմանամերձ Խաչիկ Գիւղին


ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սահմանապահ բնակավայրերի աջակցութիւն» ծրագիրին միջոցաւ, եւ Իրաքի Հանրապետութեան մէջ ապրող հայ համայնքի համագործակցութեան շնորհիւ, Յուլիս 29ին, Խաչիկ գիւղին (կը գտնուի Խաչիկ գիւղը Հայաստանի Վայոց ձորի մարզին մէջ է, Արփա գետի ձախ կողմը, Նախիջեւանի սահմանէն ոչ հեռու) մէջ տեղի ունեցաւ ջրազտիչ կայանին եւ խաղահրապարակին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գէորգ Գաթոյեան, վարչութեան գանձապահ Վարդան Վարդանեան, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, Հայ մշակութային միութեան փոխատենապետ Նուշիկ Մելքոնեան, Սիլվա Մանուկեան, Շաքէ Գալուստեան, Խաչիկ բնակավայրի ղեկավար Վարդան Ներսիսեան, սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լուսինէ Բասենցեան եւ գիւղի բնակիչներ:

Այս աշխատանքերուն մեկնարկը տրուած էր Մարտ 2018ին:

Այնտեղ իրականացուած է ջրազտիչ աւազանի կառուցում, 500 մեթր խմելու ջուրի խողովակի տեղաւորում, երեխաներու համար նախատեսուած ջրաւազանի կառուցում, խաղահրապարակի վերանորոգում, ինչպէս նաեւ 2500 պտղատու ծառերու տնկիներու տրամադրում: