Համազգայինը Ելեկտրոնային Գրադարան Ստեղծած է


Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր ֆէյսպուքեան էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ ստեծած է ելեկտրոնային գրադար մը։

 Andrioid եւ IOS համակարգերու համար ստեղծուած ե-գրադարանը անվճար կրնաք ներբեռնել app store էն եւ կամ play store էն։

Ներբեռնելէ ետք, ե-գրադարանէն կրնաք գնել ցանկացած գիրք։ Գիրքերը դասակարգուած են տարբեր բաժիններու մէջ՝ բանաստեղծական, գրական, թատերական, թարգմանուած, մանկական, յեղափոխական, պատանեկան եւ պատմական։

 Նշենք, որ Դեկտեմբեր 10ին, Պէյրութի մէջ Համազգայինի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին այս մասին յայտարարած էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: 

Ան ըսած է, որ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն եւ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ ստեղծուած անտարբերութեան, սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի նահանջին․․․ հայ գիրքը հայ ընթերցողին հասանելի դարձնելու համար համար Համազգայինը՝ ընթերցանութեան ու գրատարածման նոր մղում մը տալու առաջադրութեամբ՝ կը թողարկէ E-LIBRARYն, ուր կարելի պիտի ըլլայ գտնել Համազգայինի եւ ինչու չէ նաեւ այլ օգտաշատ հրատարակութիւններ: