Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւնները Պիտի Լուսաբանէ 120 Լրատուամիջոց եւ Պիտի Դիտարկէ 55 Դիտորդական Կազմակերպութիւն


«Արմենփրես»․- Հայաստանի Ազգային ժողովի առաջիկայ ընտրութիւնները դիտարկելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) հաւատարմագրուած է դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող 6 միջազգային կազմակերպութիւն:

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի դիտարկեն` ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ­ը, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը, ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովը, ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովը, Եւրոպական խորհրդարանը:

Ընտրութիւնները դիտարկելու ցանկութիւն յայտնած տեղական կազմակերպութիւններուն թիւը աւելի մեծ է: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հաւատարմագրուած են 49 տեղական կազմակերպութիւններ, որոնք տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող հասարակական կազմակերպութիւններ են:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նաեւ հրապարակած է յառաջիկայ ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ցանկը: Ընտրութիւնները լուսաբանելու համար ԿԸՅին հաւատարմագրուած է 89 տեղական, իսկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան քով հաւատարմագրուած՝ 31 միջազգային լրատուամիջոց` շուրջ 100 ներկայացուցիչներով:

Աննախադէպ է տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններու նկատմամբ: Ընտրութիւնները լուսաբանելու համար առաւելագոյն թիւով` 50 ներկայացուցիչներու հաւատարմագրած են Xnews.am կայքը, «Ժողովուրդ» օրաթերթը, Հ3 հեռուստաընկերութիւնը, Hartak.am կայքը, ArmRus.info կայքը:

 Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ են հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ, ինչպէս BBC­ն, Associated Press­ը, «Ֆրանսփրես» գործակալութիւնը, Ռուսիոյ առաջին ալիքը, «Ռիա Նովոսթի»ն, ԹԱՍՍ գործակալութիւնները եւայլն:

Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 2­ին: Նախընտրական քարոզարշաւը մեկնարկած է Մարտ 5­էն եւ շարունակուած մինչեւ Մարտ 31­ը: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն կը մասնակցին 9 քաղաքական ուժեր, որոնմէ 5­ը կուսակցութիւններ են, 4­ը դաշինքներ: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետական, «Հայկական Վերածնունդ», Հայաստանի Կոմունիստական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ծառուկեան», «Ելք», Կոնգրես-ՀԺԿ եւ «Օհանեան­-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքները: