Հայաստան Հանրապետութեան Բնակչութեան Թիւը 9 Ամսուան Մէջ Նուազած է 14.000ով


2017ի առաջին 9 ամսուան մէջ Հայաստան Հանրապետութեան մշտական բնակչութեան թիւը նուազած է 0,4 տոկոսով` կազմելով 2.979.600 մարդ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 2.993.900ի համեմատ:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն` 2015ի համեմատ 2017ին Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը նուազած է 0,8 տոկոսով:

Բնակչութեան կրճատման ծաւալներով առաջինները Լոռիի եւ Շիրակի մարզերն են: Երկու տարուան ընթացքին Լոռիի մարզին մէջ բնակչութեան թիւը կրճատուած է 6.900ով` 2017ին կազմելով 219.300` 2015ի 226․200ի համեմատ:

Նոյն ժամանակահատուածին Շիրակի մարզին մէջ բնակչութեան թիւը կրճատուած է 5800ով. 2015ին մարզին մէջ բնակչութեան թիւը կազմած է 243.200, իսկ 2017ին` 237.400:

2 տարուան մէջ բնակչութիւնը նշուած մարզերուն մէջ կրճատուած է համապատասխանաբար 3 ու 2,3 տոկոսով։