Թարգմանչած Տօնը Ուշիի Մէջ


Մարգար Շարապխանեան


Արարատեան ընդարձակ դաշտավայրի բարենպաստ լեռնային ծայրամասին մէջ, Արագածի ստորոտին տարածուած է Ուշի գիւղը, որ Արեւմտեան պատմական Հայաստանի գիւղերէն, քաղաքներէն ու բնագաւառներէն տեղահանուած հայկական ընտանիքներու յետնորդ սերունդներով բնակուած է ներկայիս: Արագածոտնի լայնատարած գաւառի մէկ գիւղն է ան, որ գեղատեսիլ բնութեամբ ողողուած է:

Վերջերս վերանորոգուած Մշակոյթի Տունը մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ ուշեցիներու կեանքին հասարակական բնական կարիքներուն: Հոս, էական ամէն յարմարութիւն ունեցող այս ընդարձակ սրահին մէջ, մերթ ընդ մերթ տեղի կ՛ունենան պատմական հանդիսութիւններ, ձեռնարկներ, միջոցառումներ եւ այլ, տխուր ու զուարթ բնոյթի, ժողովրդական հանդիպումներ:

Ուշիի երիտասարդութեան հաւաքավայրը հանդիսացած է անիկա, ուր շաբաթը քանի մը գիշեր կը խմբուին անոնք «փինկ-փոնք», «պիլիարտ» ու այլ զբաղումներ ունենալու: Մշակոյթի Տունը ունի կոկիկ գրադարան մը, ինչպէս նաեւ երկսեռ փոքրիկներէ բաղկացած պարախումբ, որ շաբաթը երկու անգամ փորձեր կը կատարէ:

Հոկտեմբեր 21ին, կէսօրէ ետք, այս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Մեսրոպ Մարտոցին, հայ գիրերու գիւտին ու առհասարակ հայ մատենագրութեան հիմնադիրին, անմոռանալի թագմանիչներուն նուիրուած տօնահանդէս, Ուշիի «Նիկոլ Աղբալեան» միջնակարգ (երկրորդական) դպրոցի երկսեռ աշակերտներու խանդավառ մասնակցութեամբ: Բովանդակ յայտագիրը վարեցին ու իրենց ազգաշունչ ելոյթները ունեցան,- խօսք, պար, նուագ, արտասանութիւն,- վարժարանի աշակերտներն ու աշակերտուհիները, բոլոր դասարաններէն բաղկացած: Նարեկ Գէորգեանը, անթերի ու յստակ հայերէնով, վարեց յայտագիրը ինքնավստահ: Արսէն Յովակիմեանի Շուիով նուագածները, փոքր աղջկայ մը հայադրոշմ մենապարը, Մշակոյթի Տան փոքրերուն պարային ելոյթները, վեց տարեկան (Առաջին դասարան) աղջնեկի մը Մեսրոպ Մաշտոցին ձօնուած հակիրճ արտասանութիւնը, Սիամանթոյի,Պարոյր Սեւակի, Խաչիկ Դաշտենցի, Սիլվա Կապուտիկեանի հայաբոյր քերթուածները բուռն ծափերով գնահատուեցան ներկաներուն ու սրահի ետին նստած աշակերտներուն կողմէ:

Օրուան հանդիսութեան պատշած խօսքեր ըսին ու Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած անզուգական Մեծ Գիւտը արժեւորեցին Ուշիի վարժարանի տնօրէն Օկսէն Սարգսեանը եւ Մարգար Շարապխանեանը:

Մեսրոպ Մաշտոցի յօրինած Գիւտը ու թարգմանիչներուն կատարած հոյակապ գործը ոգեկոչող այս տօնը, մեր ազգային տօներէն կարեւորագոյնն է, որ կրօնական բովանդակութիւն ունենալով հանդերձ, մեզ ազգովին միացնող ներազգային առաջին ուժն է, որ քաղաքական իմաստ ունի եւ հզօրութիւն: Եթէ այս փրկարար Գիւտը գոյութիւն ունեցած չըլլար, մենք շատոնց ձուլուած եղած կ՛ըլլայինք մեզի շրջապատող ու մասամբ մը տիրապետող ժողովուրդներուն մէջ: Քրիստոնէութիւնը, անյաջողաբար, գիրերու Գիւտէն առաջ, հարիւր տարի տեւողութեամբ, մեր եկեղեցիներուն մէջ կրօնական արարողութիւնները, երգեցողութիւնները եւ Աստուածաշունչը կը կատարէր ու կը կարդար ասորերէն եւ յունարէն լեզուներով, որոնք ժողովրդին մատչելի ու ըմբռնելի չէին: Այս եւ յետագայ դարերը նկատի առած, Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած սոյն Հրաշքը միալեզու ու միաձոյլ ազգային փրկութիւն մըն էր մեր ժողովրդին համար: Հայագիր մատեաններ ու հայկական ինքնուրոյնութիւն պարգեւեց ան մեզի: Առանց այս պարգեւին, այժմ լուծուած եղած պիտի ըլլայինք մենք, անկասկած։

Տարիներու ու դարերու, անցեալի ու ապագայի մեր դէմ ցցուած ու ցցուելիք արգելքներուն դէմ դիմացող, պայքարող ու միաւորող զօրութիւնն է ան, որ կրանիդեայ ուժ ունի, որուն պէտք է հոգ տանինք ու պաշտպանենք ազգովին ու մանաւանդ պետական բարձր տարողութեամբ: Պետութիւնը, քաղաքական իմաստով, պէտք է տէր կանգնի այս մեծ տօնին:

Մեսրոպ Մաշտոց յատուկ նշանակութիւն ունի ուշեցիներուն համար, նկատի առնելով, որ ան իր վախճանումէն առաջ (44Օ ք.ե.) Կապադովկիայէն անցնելով, հոն նահատակուած Սուրբ Սարգիսի աճիւնները բերած է Ուշի (Կարբի) ու անոր եզրին գտնուող բլրան գագաթին թաղած, ուր փոքր խորան մը կառուցած է, մօտաւորապէս հազար հինգ հարիւր ութսուն տարիներ առաջ: Տարիներ ետք հոս կառուցուած ու կրօնական աչքառու գործ կատարած է Սուրբ Սարգիսի անունը կրող այս հնամենի ու փառահեղ, կրօնաբոյր ուսումնարան վանքը, որ կիսափուլ տեսք մը ունի ներկայիս:

Մեսրոպ Մաշտոցի եւ այլ մեծանուն կղերականներու, Ոսկան Երեւանցիի եւ ուրիշներու անուններն ու հոս կատարած սրբանուէր գործերը, երկիւղածութեամբ կը յիշուին արժէքաւոր պատմաբաններուն ու գիտակից հնագէտներուն կողմէ: Հոս, այս սրբատաշ միջավայրին մէջ ապրած ու քալած են անոնք: Իր կիսաքանդ վիճակով, սրբավայր մըն է այս բլուրը, որ անկասկած, ազգասէր ու սրտցաւ հովանաւորի մը կամ հովանաւորներու կարիքը ունի:

Այս չքնաղ ու կոկիկ հանդիսութեան աւարտին, գիւղապետի տեղակալ Վալդեր Յովակիմեանին կողմէ բեմ հրաւիրուեցան եօթը ուշեցի երիտասարդներ, որոնք իրենց քաջարի մասնակցութիւնը բերած էին Արցախեան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ նորընտիր գիւղապետ պրն. Սիմոն Սիմոնեանի ձեռամբ ստացան պետական արժանավայել վկայագիրներ եւ յիշատակի յատկանշական նուէրներ: Արդարեւ յուզիչ էր պահը ու գօտեպնդիչ:

Առիւծի տեսք ունեցող եօթը կտրիճներ բեմին վրայ, հպարտ ու առնական կեցուածքով, իրենց նայուածքները ուղղած նոյն հպարտութիւնը զգացող ժողովուրդին։

Եկուր եւ մի հպարտանար: