Ձերբակալուած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Արա Վարդանեանը


Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իր ստացած տուեալներուն հիման վրայ, Յուլիս 2ին, իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի կողմէ լիազօրութիւնները չարաշահելու կասկածով բերման ենթարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Ըստ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան Ծառայութեան փաստական հանգամանքներու ճնշումին տակ Վարդանեան խոստովանած է, որ տնօրինելով հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային գծով դրամատնային քարտը՝ զայն օգտագործած է անձնական նպատակներով, ինչպէս օրինակ՝ գումարները օգտագործած է տարբեր առցանց խաղատուներու մէջ խաղադրոյքներ կատարելու համար:

Ըստ Վարդանեանի խօսքերուն, վարկային քարտէն վատնած միջոցները ան ետ վերադարձուցած է հիմնադրամին՝ հանգանակուած գումարներու հաշուին: Այնուհետեւ` անձնական միջոցները կանխիկ մուտքագրած է հիմնադրամի հաշուապահութիւն, ատով իսկ թաքցնելով հիմնադրամի գումարներու վատնման հանգամանքը:

Միայն վերջին շաբաթուան ընթացքին Վարդանեան հիմնադրամի դրամատնային քարտէն մօտ 14 միլիոն ՀՀ դրամ փոխանցած է օնլայն խաղատուներուն, իսկ 2016–էն 2018 թուականներուն այդ գումարը կազմած է մօտ 130 000 000 միլիոն ՀՀ դրամ:

Այս պահուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին մէջ կը կատարուին ստուգումներ` հնարաւոր չարաշահումներն ու իւրացումները բացայայտելու, ինչպէս նաեւ հանգանակուած գումարներու ծախսման օրինականութիւնը ճշտելու ուղղութեամբ:

Արա Վարդանեան ձերբակալուած է: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: