Միացեալ Նահանգներու Ալապամա Նահանգը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Միացեալ Նահանգներու Ալապամա Նահանգի ղեկավար Քէյ Էյվի ստորագրած է հռչակագիր մը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ: Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ նահանգապետին այս որոշումին համար:

Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ այս ստորագրութեամբ Ալապաման կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Միացեալ Նահանգներու 49րդ նահանգը:

Միակ նահանգը, որ դեռ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, Միսիսիփին է: