Յայտնի Են «Օրորա» Գեղարուեստական Մրցոյթի Յաղթողները


ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս»․- Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ Մայիս 1ին ամփոփուեցան «Օրորա» գեղարուեստական առաջին մրցոյթի արդիւնքները: 1107 աշխատանքներէն դատական կազմը ընտրեց երեք գլխաւոր մրցանակի արժանի գործեր, եւս երկու աշխատանքի հեղինակները ստացան յատուկ մրցանակ:

Գեղանկարի, քանդակի, փայտագործութեան խեցեգործական աշխատանքներու, բատիկայի, թուային գծանկարչութեան պատկերներու միջոցով մրցոյթի 7-14 տարեկան մասնակիցները արտայայտած են մարդասիրութեան, հերոսութեան, անձնուիրութեան եւ լուսաւոր ապագայի հանդէպ հաւատքի գաղափարները:

«Խաղաղութիւն» անուանումով գեղանկարի համար առաջին մրցանակը ստացաւ 7ամեայ Արփի Ղազարեանը, որ կը յաճախէ Երեւանի Հ. Իգիթեանի անուան ազգային գեղագիտութեան կեդրոն:  Ան պատմած է, որ իր նկարին մէջ պատկերուած աղջկայ ձեռքին Փիքասոյի խաղաղութեան աղաւնին է:

«Խաղաղութիւնը պէտք է Հայաստանին, որ բոլոր մարդիկ ուրախ ըլլան»,ըսած է Արփին:

Երկրորդ մրցանակը 13ամեայ Սոֆիա Եաքովլեւայինն է Ռուսիայէն: Երեւանի «Գասպարեան» արթ-արհեստանոցի 11ամեայ սան Աննա Կոստանեանի գեղանկարը արժանցաւ երրորդ մրցանակին:  Մասնագիտական ժիւրիի որոշմամբ, յատուկ մրցանակ ստացան նաեւ Ժասմինա Յովհաննիսեանը Ներքին Գետաշէնէն եւ 14ամեայ Ռուտոլֆ Աւանեսեանը Երեւանէն:

Դատական Կազմի անդամ, բեմադրիչ Հրանդ Վարդանեան ըսած է, որ բոլոր մասնակիցները արժանի են առաջին մրցանակին, դատական կազմը պարզապէս իր ենթակայական գնահատականով առանձնացուց քանի մը հատը:

«Հաւատացէ՛ք, մենք` դատական կազմի անդամներս, մեծ հաճոյք ստացանք, որովհետեւ տեսանք մեր երեխաներուն աշխարհը` վառ, գունեղ, կերպարները ունէին ըսելիք ու բնաւորութիւն: Այս երեխաներուն մէջ սերմանուած բարին եւ գեղեցիկը երբեք չեն կորսուիր, սա մեր ծագումն է, մեր մշակոյթին հիմքը: Ինչպէս շատ մարդոց օգնութեամբ 100 տարի առաջ մենք փրկուեցանք, այդպէս ալ մեր երեխաները պիտի փրկեն մեզ իրենց արուեստով, մշակոյթով, որովհետեւ գորշութիւն ու անտարբերութիւն չկան այս պատկերներուն մէջ: Միայն լաւատեսութիւն եւ բարութիւն», նշած է դատական կազմը գլխաւորող animater Գայիանէ Մարտիրոսեան:

«Օրորա» գեղարուեստական մրցոյթին աշխատանքներ ներկայացուած էին Հայաստանի մարզերէն, սփիւռքէն: Մարդասիրութեան իրենց պատկերացումներով մասնակցած էին նաեւ այլազգի երեխաներ:

Գեղարուեստական մրցոյթներու միջոցով «Օրորա»ն կ՛ընդլայնէ մարդասիրութեան գաղափարները կիսողներու շրջանակը: Նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Ջիլաւեան նշած է, որ «Օրորա»ն դարձած է միջազգային մարդասիրական շարժում, զոր սկսած են Ռուբէն Վարդանեանը, Նուպար Աֆէեանը եւ Վարդան Գրեգորեանը: Տարիէ տարի կ՛աւելնան նախաձեռնութեան աջակիցները:

Նկարչական նիւթերու տեսքով նուէրներ ստացած են մրցոյթի բոլոր մասնակիցները: Իսկ յաղթողներուն մրցանակներէն բացի բացառիկ հնարաւորութիւն տրուած է մասնակցելու Մայիս 28ին Երեւանի մէջ կայանալիք 2017ի «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեան:

Մրցոյթին ներկայացուած 63 լաւագոյն աշխատանքները Յովհ. Թումանեանի թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին մինչեւ Մայիսի վերջ` «Օրորա» մրցանակի հիմնական ձեռնարկներու ամփոփումը: