Սասնայ Ծռեր Դիւցազնավէպը


Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի Հաւաքներու շարք

 

«…Ողորմի, հազար ողորմի մեր Սասնայ Դաւթին,

Մեր ազգի բազուկ, մեր արդար, մեր անմահ Դաւթին…»

 

Թամար Տօնապետեան Գուզուեան

«…Հագաւ Դաւիթ զէնքն ու զրահ,

Կապեց գօտին, Թուր-կեծակին,

Խաչն ալ իր յաղթ բազկի վրայ,

Ելաւ հեծաւ առիւծ հօր ձին։…»

Փոքր տարիքիս, Սասունցի Դաւիթի տոհմէն սերած ըլլալու հաւանականութիւնը մեծ ազդեցութիւնը ունեցած էր վրաս։ Դիւցազուններու դիւցազուն Դաւիթը անկարելին կարելի դարձուցած էր մանուկ երեւակայութեանս մէջ։ Ո՞վ չէ կարդացած Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթը», չէ լսած Առիւծ Մհերի մասին կամ Երեւանի մէջ չէ այցելած Երուանդ Քոչարի կողմէ քանդակուած Սասունցի Դաւիթ հրաշալի կոթողը՝ ու հպարտութեան պահեր չէ ապրած։

Դաւիթի ու Մսրայ Մելիքի կռիւէն անդին սակայն, ի՞նչ գիտենք Սասունցի Դաւիթի մասին յատկապէս, կամ «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպին մասին՝ ընդհանրապէս։ Հոս փակագիծ մը բանալով, կարեւորութեամբ կը նշենք Փրոֆ. Արուսեակ Սահակեանի «Սասնայ Ծռեր. Պետականութեան խնդիր» խորագիրը կրող հետաքրքրաշարժ ներկայացումը ասկէ մօտ տասնամեակ մը առաջ, կազմակերպուած Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղին կողմէ, ուր շեշտը կը դրուէր մեր ազգին ու պետականութեան հետ դիւցազնավէպինառնչուածութեան վրայ։ Այս պարագային սակայն, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրասէրներու Խմբակի Հաւաքներու շարքին՝ «Սասնայ Ծռեր Դիւցազնավէպը» խորագիրը կրող երկօրեայ հաւաքը (23 Նոյեմբեր ու 13 Դեկտեմբեր 2016-ին) պատմութեան էջերէն դուրս կը բերէր գլխաւոր դերակատարներն ու դրուագները, լուսարձակի տակ առնելով դիւցազներգութեան մէջ կրկնուող դէմքերն ու թեմաները, ջուրի, երազի, խոստումի կարեւորութիւնը, հերոսի կերպարն ու առաքինութիւնները, հողի ու հայրենիքի հետ կապը, «Ողորմի»ներու տեղն ու դերը, անէծքներու գոյութիւնը ու պարզապէս զանազան պատումներուն միջեւ նկատելի տարբերութիւններն ու հասարակ յայտարարները։ Այս մէկը կ՚ըլլար շնորհիւ Արմինէ Թորիկեանի կատարած բծախնդիր, երկարատեւ ուսումնասիրութեան եւ պատմելու հոյակապ կարողութեան։

Արմինէ Թորիկեան ծնած է Պարսկաստան եւ հասակ առած է հայեցի դաստիարակութեամբ, ինչ որ ինքնաբերաբար մղած է զինք հետաքրքրութեամբ հետեւելու հայ գիր ու գրականութեան, թէեւ համալսարանական ուսումը անգլերէն գրականութեան մէջ է։ Մաս կը կազմէ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի «Գուսան» երգչախումբին եւ անդամ է Գրական յանձնախումբին։ Իր կողակիցը՝ Արա Յարութիւնեանն ու Արմինէն, հայեցի շունչով կը դաստիարակեն իրենց երեք փոքրերը՝ Հայկը, Անոյշը եւ Գայեաննէ։

Արմինէ Հաւաքին առաջին բաժինը կը սկսի ներկաներուն բացատրելով, որ այս դիւցազնավէպը առաջին անգամ գրի առնուած է 1800-ականներուն, Գարեգին Սրուանձտեանցի կողմէ ու յետագային զանազան տարբերակներ գոյութիւն ունեցած են, որոնք հիմնուած են զանազան բանասածներու պատումներուն վրայ։ Դիւցազնավէպը՝ որ նաեւ «Քաջանց տուն», «Ջոջանց տուն», «Սասնայ տուն» եւ այլ խորագիրներ կը կրէ, բաժնուած է չորս գլուխներու, որոնց զանազան տարբերակները (հիմնուած զանազան պատումներուն վրայ որոնց պատմողները եղած են երէց տարիքի Սասունցիներ) ունին որոշակի առանձնայատկութիւններ. օրինակ՝ Փոքր (կամ պստիկ) Մհեր, որ Սասունցի Դաւիթի զաւակն էր, կարգ մը պատումներու մէջ գոյութիւն իսկ չունի։ Բարբառներու գործածութեան մէջ կան զգալի տարբերութիւններ – Մոկաց բարբառէն մինչ Սասունի ու Մուշի բարբառը։ Սասունցի Դաւիթի կերպարը որ ի յայտ կու գայ երրորդ գլուխին մէջ, գոյութիւն ունի բոլոր տարբերակներուն մէջ, նոյնպէս՝ Քեռի Թորոսինը. Դաւիթի կերպարը սակայն միշտ այն չէ եղած ինչ որ մեր դասագիրքերուն մէջ կարդացած ենք։ Ըստ պատումներուն, պատանի Դաւիթ եղած է միամիտ ու բարի ու որոշ տարիքէ մը ետք միայն, Մսրայ Մելիքի կռիւէն ետք է որ Դաւիթի հասուն կերպարը ի յայտ կու գայ. կերպար՝ որուն ծանօթ ենք բոլորս եւ որը սրտամօտ է բոլորիս. Դաւիթ՝ հայրենասէրը, ազատասէրը, գերմարդկայինը որ միեւնոյն ժամանակ սակայն մարդկային է, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Սասնայ հերոսը, Հայաստանի հերոսը. հերոս՝ որուն կերպարն է որ իւրաքանչիւր ազատատենչ հայ իր սրտին մօտիկ կը կրէ։

Ծովինարէն Սանասար ու Պաղտասար, Մարութայ սար, Քուռկիկ Ջալալի ու Թուր Կեծակին, Քեռի Թորոսէն Ձէնով Օհան, Առիւծ Մհեր, Իսմիլ Խաթուն, Դաւիթ, խորոտ Գոհար ու Չմշկիկ Սուլթան, Արմաղան ու Փոքր Մհեր, Սասունէն Կապտակող ու Ագռաւաքար՝ երկու ներկայացումներուն ընդմէջէն՝ որոնց նաեւ տպաւորիչ ընթերցումով իր բաժինը բերաւ Արեն Մնացականեան,  Արմինէ յաջողեցաւ փոխադրել մեզ դէպի դիւցազուններու աշխարհը, նոր էջեր բանալ մեր առջեւ ու հետաքրքրութիւն արթնցնել յաւելեալ սերտելու ու ծանօթանալու մեր դիւցազնավէպերէն ամենանշանաւորին՝ «Սասնայ Ծռեր»ուն մասին։ Գնահատելի աշխատանք՝ Արմինէի կողմէ. իսկ իրենց պատումներուն շնորհիւ մեզի մեր մշակոյթի անգին գանձերէն՝ Սասնայ Ծռեր» դիւզազներգութիւնը փոխանցողներուն՝

«Ողորմի ասենք Սասնայ տան վէպն ասողներուն,

Հայոց քաջագործ հայրերուն, հայոց պապերուն։»