Սուրիահայերը Կ՛ապաստանին Իրենց Նախնիներու Հայրենիքը․The Economist


Մինչեւ վեցամեայ պատերազմը Սուրիոյ մէջ կ՛ապրէր 90 հազար հայ, որմէ երկու երրորդը` Հալէպի մէջ: Հիմա Սուրիոյ մէջ մնացած է 30 հազարէն ալ քիչ հայ: Սուրիահայերու խնդրին անդրադարձած է The economist պարբերականը:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ հայերը Սուրիա հաստատուեցան 1915էն ետք` Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուցած մասայական էթնիկ զտումներու հետեւանքով:

Շատերու համար Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը վերջ դրաւ մէկդարեայ պատմութեան: 61ամեայ գործարար Հրայր Ագուլեան իր խնայողութիւնները ներդրեց կահոյքի գործարան կառուցելու համար, բայց անիկա աւերուած տեսաւ: Հիմա ան Երեւան կ՛ապրի:

«Այս վիճակն է արդէն աւելի քան 100 տարի: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները ապագայ չունին», սուրիահայուն խօսքը կը մէջբերէ պարբերականը:

Սուրիա ապրող հայերէն շատերը սփռուեցան Լիբանան, Գանատա, Թուրքիա, Պարսից ծոց: Մօտ 30 հազար մարդ գնաց հայրենիք: Առաջինը Հայաստան գացին  ունեւորները: Միւսները փորձեցին սպասել պատերազմի աւարտին, հեռացան միայն ունեցած միջոցները սպառուելէն ետք: Անոնք հայրենիք եկան դատարկաձեռն:

Նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան նշած է, որ Հայաստան եկած փախստականները փոքր գործեր հիմնած են: Անոնք հմուտ մասնագէտներ ու արհեստաւորներ են` ոսկերիչներ,  բժիշկներ, ճարտարագէտներ, արդիւնաբերողներ: Տեղացի հայերը հիացած են նորեկներու բացած ճաշարարններով: Պարբերականը կը նշէ, որ 30 ընտանիք տեղափոխուած է Արցախ:

Վազգէն Եագուպեան, որ շինարարական ընկերութիւն ունէր Դամասկոսի մէջ, նշած է, որ Սուրիայէն Հայաստան եկողներ դեռ կան: Կան մարդիկ, որ վերադարձած են Սուրիա: Սուրիահայերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք կը պնդեն` Սուրիա վերադառնալու պարտականութիւն ունին, քանի որ իրենց սփիւռքը հայկական քաղաքակրթութեան կարեւոր ճիւղ է ու պէտք է պահպանուի: