Սուրիահայերու Հայաստան Գալով Աշխատասիրութեան Նոր Մշակոյթ Ձեւաւորուեցաւ․ Վարչապետ Կարապետեան


«Վերջերս սփիւռքահայերու վերադարձով, Հայաստանի մէջ ծառայողական գործի որակը էապէս փոխուած է: Աւելին, աշխատանքի, աշխատասիրութեան նոր մշակոյթ ձեւաւորուած է», յայտարարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետը Մարտ 27ին կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճին մէջ հանդիպած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

«Մեր վերջնական նպատակն է` ունենալ ժամանակակից, տրամաբանական, զարգացող պետութիւն, միջազգային հանրութեան համար հասկնալի` հիմնուելով մեր ազգային արժանապատուութեան, ինքնութեան եւ աւանդոյթներուն վրայ»,  ողջունելով սուրիահայերը` ըսած է վարչապետը: Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան ուղղուած իր կոչին` ան նշած է, որ Հայաստանի ամենամեծ ներուժը եւ ամենաուժեղ դրամագլուխը մարդն է, եւ զարգացման ծրագիրներուն հիմքը այդ գաղափարն է: «Իմ կոչիս նպատակը այն է, որ այն փորձը, ներուժը, որ ունին սփիւռքահայերը, յաջողակ օրինակները` գիտնականները, կառավարիչները, բժիշկները, մշակոյթի գործիչները, ուղղակի կարենան մեզի փոխանցել, որովհետեւ այսօրուան արագ փոխուող եւ զարգացող աշխարհին մէջ ատիկա չափազանց կարեւոր է», – ընդգծած է կառավարութեան ղեկավարը:

Իրենց ելոյթներուն մէջ սուրիահայերը ողջունած են Կարէն Կարապետեանի կոչը սփիւռքահայութեան` իրենց աջակցութիւնն ու մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելով Հայաստանի զարգացման ծրագիրներուն:

Կառավարութեան ղեկավարը սուրիահայերուն հետ քննարկած է զանոնք յուզող հարցերը, որոնք կը վերաբերէին փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան խթանման, գործի ծրագիրներուն, գիւղատնտեսութեան ոլորտին, տնտեսութեան զարգացման եւ այլն: Ներկայացնելով կառավարութեան բարեփոխումները այս ուղղութիւններով` վարչապետը կարեւոր համարած է սփիւռքահայութեան աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը մեր երկրի յառաջընթացին ուղղուած ծրագիրներուն:

«Ձեր մէջ լաւատեսութիւնը դէպի վաղուան օրը շատ վարակիչ է: Անպայման պէտք է այնպիսի ազդակներ տանք, որ իւրաքանչիւր օրինապաշտ քաղաքացի հասկնայ, որ ինք Հայաստանի մէջ կրնայ ներդրում ընել, գործ սկսիլ եւ իրեն ապահով զգալ», – նշած է Կարէն Կարապետեան: