Սպանիոյ Սորիա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Սորիայի քաղաքապետարանի շէնքը։

Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ Սպանիոյ Սորիա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

«Քաղաքապետական խորհուրդին մաս կազմող չորս կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները միաձայնութեամբ վաւերացուցին «Արարատ» հայկական միութեան կողմէ այս նպատակով ներկայացուած միջնորդագիրը։

“Միջնորդագիրը կարդաց քաղաքապետ Քառլոս Մարթինես Մինկեսը` յայտարարելով, որ Սորիան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը յորդորէ Քասթիա եւ Լէոնի, Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն հետեւելու իրենց օրինակին` ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտել զայն իրականացնողները», կը հաղորդէ դեսպանատունը: