Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 90ամեակի տօնակատարութեան մասնակից պատուոյ հիւրերը։
Անխախտելի Ճշմարտութիւն է, որ Հայութիւնը կը մարմնաւորուի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միաւորումով։ Բոլորս ալ հաստատ այն համոզումը ունինք, որ Հայրենիքը ուժեղ է Սփիւռքով, իսկ Սփիւռքը կայուն է եւ մնայուն՝ ազատ ու անկախ Հայրենիքով։ Իսկ թէ ի՞նչն է ՙուժեղ Սփիւռք՚ ունենալու գրաւականը, եթէ ոչ Հայ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԴՊՐՈՑ եւ ԱԿՈՒՄԲ հիմնելն ու զանոնք կանգուն պահելը, որոնք համաշխարհայնացումի վտանգաւոր համաձուլման դէմ որպէս լուսաւոր փարոսներ կը գործեն ի խնդիր հայապահպանութեան։
Առ այդ, Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցին, մէկը վերոյիշեալ փարոսներէն, 1 Դեկտեմբեր 2018ի երեկոյեան մեծ ուրախութեամբ նշեց Ծուխի հիմնադրութեան 90ամեակը պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը՝ եկեղեցւոյ ՙՄակարոս Արթինեան՚ սրահէն ներս։
Սոյն ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Թեմիս Առաջնորդ Աբգար եպս․ Յովակիմեանի։
Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան հանդիսավարները Օրդ․ Նարէ Շահմուրադեան (անգլերէն) եւ Տիրան Փարնաքօղլու (հայերէն)։ Եղիա Ծ․ Վրդ․ Գիրէջեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Պատուոյ սեղանին Առաջնորդ Աբգար Սրբազան Հօր կողքին տեղ գրաւած էին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ Զարեհ Աւագ քհնյ․ Զարգարեան, Երէցկին Նայիրա Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Օհան Օհաննէսեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի Ռոզին եւ Տիար Աբիկ Իմաստունեան, եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան Ատենապետուհի Սելլա եւ Տիար Լեւոն Գալթաքճեան, Օնթէրիօ նահանգի երեսփոխան Արիս Պապիկեան։ Ի պատուի էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւ Եղիա Ծ․ Վրդ․ Գիրէջեան, Տ․ Հարոլտ Քհնյ․ Նահապետեան Անկլիգան եկեղեցիէն, Միջյարանուանական Մարմնի Ատենապետ Յակոբ ճանպազեան։ Պաշտօնական այս երեկոյին ներկայ էին նաեւ գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր, բարերարներ եւ թորոնթոհայ համայնքի զաւակներ։
Գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժինով հանդէս եկան Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ Ազգ․ Շաբաթօրեայ Վարժարանի 6-8րդ դասարաններու շուրջ 40 աշակերտները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին երեք երգեր, խմբավարութեամբ՝ Նատա Նաւասարդյանի։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռոզին Իմաստունեան՝ նշելով, որ խումբ մը հայու բեկորներու հաւատքի տուն մը հիմնելու լուսաշող տեսիլքի հետեւանքն էր Սբ․ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը։ Ատենապետուհի խօսքէն ետք ներկաները հետեւեցան տեսերիզի ցուցադրութեան՝ պատրաստուած Դաւիթ Տէր Յարութիւնեանի կողմէ։
ՙՊապայեան՚ Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Քնար Պասմաճեան ներկայացուց իր սրտի խօսքը եւ փոխանցեց Հիմնադրամի նիւթական նուէրները Գանատահայոց Առաջնորդութեան եւ Ս․Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ։
Գեղարուեստական յայտագրով բեմ բարձրացաւ Արթուն Միսքճեան, որ դաշնամուրի կատարողութեամբ ներկայացուց երաժշտական կտորներ Կոմիտասէն եւ Շարլ Ազնաւուրէն։
Յաջորդ հանգրուանին, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Օհան Օհաննէսեան ընթերցեց իր սրտի խօսքը 90ամեակի ուրախ այս առիթի կապակցութեամբ, փոխանցելով շնորհաւորական իր մաղթանքը, որմէ ետք ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին երաժշտական կատարումներ հայր ու որդի Նվեր եւ Սեյրան Ղազարյաններու ներկայացմամբ (տուտուկ եւ երգ)։
Սրահը աշխուժացաւ, երբ ՙՍասուն՚ պարախումբի երիտասարդ – երիտասարդուհիներ խանդավառ պարերով մտան սրահ ու հրաւիրեալներուն մէջէն անցնելով հասան բեմ։ Պարախումբը, տուտուկի եւ թմբուկի նուագակցութեամբ, ներկայացուց ժողովրդական ճոխ պարերու շարք մը՝ ղեկավարութեամբ խումբի պարուսոյցներ Սեւակ եւ Սարին Աւագեաններու։ Ներկաները բուռն ծափահարութիւններով մասնակցեցան անոնց ելոյթին։
Հայրենի լուսանկարիչ Զավեն Խաչիկյան խօսք առնելով շնորհաւորեց ներկաները եկեղեցւոյ 90ամեակի առիթով։ Ան լուռ աճուրդի դրուած իր մէկ լուսանկարի պատմականը ներկայացնելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմնին, որ այս ուրախ առիթով Թորոնթոյի մէջ լուսանկարչական անհատական իր առաջին ցուցահանդէսը ներկայացնելու առիթը ստեղծեց։
Եկեղեցւոյս հոգատար Հովիւ Զարեհ Աւագ քհնյ․ Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամն ու սրտի խօսքը, անգամ մը եւս մէջբերելով 90ամեայ Սբ․ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ունեցած դերն ու կարեւորութիւնը թորոնթոհայ համայնքին համար, անոր ձեռք բերած հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն ընդմէջէն։ Մատնանշելով հիմնադիրներու կողմէ մեզի ժառանգուած այս կառոյցի կարեւորութիւնը՝ ան աւելցուց, որ այսօր աւելի քան հրամայական է պահել Հայ Եկեղեցին, որուն հայաբոյր հովանիին տակ սերունդներ հասակ առած են եւ ՀԱՅ ընտանիքներ կազմուած։
Զարեհ Աւագ քհնյ․ Զարգարեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ Հովիւներուն, Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, 90ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարուհիներուն, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն, եկեղեցւոյս հոգատարին եւ բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն։
Ապա Սրբազան Հօր եւ Տէր Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ 7 անդամներու պարգեւատրումները՝ իրենց տարած գործունէութեան համար։ Յաջորդաբար յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան իրենց գործունէութեամբ յատկանշուող անհատներուն՝ Իվէթ Փանոսեանին (Տարուայ Կինը), Արա Տէր Յարութիւնեանին (Տարուայ Մարդը), Նարէ Շահմուրադյանին (Տարուայ Երիտասարդուհին), Արեն Զարգարեանին (Տարուայ Երիտասարդը), Տէր եւ Տիկին Լեւոն եւ Սելլա Գալթաքճեաններուն եւ իրենց զաւակներուն` Սագօ եւ Էլիզ (Տարուայ Ընտանիքը)։
Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն ՙՍբ․ Խաչ՚ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Ճաք Ստեփանեան իր երկարամեայ գործունէութեան համար։ Առաջնորդարանի առաջին կարգի ՙՍբ․ Խաչ՚ շքանշանին արժանացաւ Աբէթ Ալբայ երկար տարիներու իր արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։
Տեղի ունեցաւ 90ամեակի կարկանդակի հատումը Սրբազան Հօր, Տէր Հօր, Ծխական Խորհուրդի անդամներու փոխադարձ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ։
Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով, որ շնորահաւորեց պարգեւատրեալները, խրախուսեց համայնքի զաւակները զօրավիգ կանգնելու Հայ Եկեղեցւոյ։ Սրբազան Հայրը ըստ արժանւոյն գնահատեց Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեանի եւ Ծխական Խորհուրդի գործունէութիւնը եկեղեցւոյ, ծուխին եւ համայնքին նկատմամբ, յիշելով՝ որ յաջորդ օր, Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին, Ս․ Պատարագի աւարտին պիտի ընթերցուի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսին կողմէ ուղարկուած Օրհնագիրը, շնորհաւորելով Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեանը՝ իր քահանայութեան 27 տարիներու եւ հովւութեան 22 տարիներուն առթիւ։