Ս․ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծուխի Հիմնադրութեան 90ամեակի Տօնակատարութիւն


Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 90ա­մեա­կի տօնակատարութեան մասնակից պատուոյ հիւրերը։

Ան­խախ­տե­լի Ճշմար­տու­թիւն է, որ   Հա­յու­թիւ­նը  կը մարմ­նա­ւո­րո­ւի Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Սփիւռք միա­ւո­րու­մով։ Բո­լորս ալ հաս­տատ այն հա­մո­զու­մը ու­նինք, որ Հայ­րե­նի­քը ու­ժեղ է Սփիւռ­քով, իսկ Սփիւռ­քը կա­յուն է եւ մնա­յուն՝ ա­զատ ու ան­կախ Հայ­րե­նի­քով։ Իսկ թէ ի՞նչն­ է ՙու­ժեղ Սփիւռք՚ ու­նե­նա­լու գրա­ւա­կա­նը, ե­թէ ոչ  Հայ Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԻ, ԴՊՐՈՑ եւ Ա­ԿՈՒՄԲ հիմ­նելն ու զա­նոնք կան­գուն պա­հե­լը, ո­րոնք հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մի վտան­գա­ւոր հա­մա­ձուլ­ման դէմ որ­պէս լու­սա­ւոր փա­րոս­ներ կը գոր­ծեն ի խնդիր հա­յա­պահ­պա­նու­թեան։

Առ այդ, Թո­րոն­թո­յի Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղե­ցին,  մէ­կը վե­րո­յի­շեալ փա­րոս­նե­րէն, 1 Դեկ­տեմ­բեր 2018ի ե­րե­կո­յեան մեծ ու­րա­խու­թեամբ նշեց Ծու­խի հիմ­նադ­րու­թեան 90ա­մեա­կը պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ-հան­դի­սու­թեամբ  մը՝  ե­կե­ղեց­ւոյ ՙՄա­կա­րոս Ար­թի­նեան՚ սրա­հէն ներս։ 

Սոյն ձեռ­նար­կը կը վա­յե­լէր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Աբ­գար եպս․ Յո­վա­կի­մեա­նի։

Գա­նա­տա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րու յոտն­կայս ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կան օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար­նե­րը Օրդ․ Նա­րէ Շահ­մու­րա­դեան (անգ­լե­րէն) եւ Տի­րան Փար­նա­քօղ­լու (հա­յե­րէն)։ Ե­ղիա Ծ․ Վրդ․ Գի­րէ­ջեան կա­տա­րեց սե­ղան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը։

Պա­տո­ւոյ սե­ղա­նին Ա­ռաջ­նորդ Աբ­գար Սրբա­զան Հօր կող­քին տեղ գրա­ւած էին Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի Փո­խա­ռաջ­նորդ եւ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­վիւ Զա­րեհ Ա­ւագ քհնյ․ Զար­գա­րեան, Ե­րէց­կին Նա­յի­րա Զար­գա­րեան, Թե­մա­կան Խոր­հուր­դի Ա­տե­նա­պետ Օ­հան Օ­հան­նէ­սեան, Ծխա­կան Խոր­հուր­դի Ա­տե­նա­պե­տու­հի Ռո­զին եւ Տիար Ա­բիկ Ի­մաս­տու­նեան, ե­կե­ղեց­ւոյս Տիկ­նանց Միու­թեան Ա­տե­նա­պե­տու­հի Սել­լա եւ Տիար Լե­ւոն Գալ­թաք­ճեան, Օն­թէ­րիօ նա­հան­գի ե­րես­փո­խան Ա­րիս Պա­պի­կեան։ Ի պա­տո­ւի էին նաեւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս․ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Ե­ղիա Ծ․ Վրդ․ Գի­րէ­ջեան, Տ․ Հա­րոլտ Քհնյ․ Նա­հա­պե­տեան Անկ­լի­գան ե­կե­ղե­ցիէն, Միջյա­րա­նո­ւա­նա­կան Մարմ­նի Ա­տե­նա­պետ Յա­կոբ ճան­պա­զեան։ Պաշ­տօ­նա­կան այս ե­րե­կո­յին ներ­կայ էին նաեւ գա­ղու­թիս մէջ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, նախ­կին Ծխա­կան Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, կնքա­հայ­րեր, բա­րե­րար­ներ եւ թո­րոն­թո­հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­ներ։

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի ա­ռա­ջին բա­ժի­նով հան­դէս ե­կան Ս․ Սա­հակ եւ Ս․ Մես­րոպ Ազգ․ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի 6-8րդ ­դա­սա­րան­նե­րու շուրջ 40 ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք  մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին ե­րեք եր­գեր, խմբա­վա­րու­թեամբ՝ Նա­տա Նա­ւա­սարդ­յա­նի։

Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Ռո­զին Ի­մաս­տու­նեան՝ նշե­լով, որ խումբ մը հա­յու բե­կոր­նե­րու հա­ւատ­քի տուն մը հիմ­նե­լու լու­սա­շող տե­սիլ­քի հե­տե­ւանքն էր Սբ․ Եր­րոր­դու­թիւն Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թիւ­նը։ Ա­տե­նա­պե­տու­հի խօս­քէն ետք ներ­կա­նե­րը հե­տե­ւե­ցան տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թեան՝ պատ­րաս­տո­ւած Դա­ւիթ Տէր Յա­րու­թիւ­նեա­նի կող­մէ։

ՙՊա­պա­յեան՚ Հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Քնար Պաս­մա­ճեան ներ­կա­յա­ցուց իր սրտի խօս­քը եւ փո­խան­ցեց  Հիմ­նադ­րա­մի նիւ­թա­կան նո­ւէր­նե­րը Գա­նա­տա­հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դու­թեան եւ Ս․Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ։

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րով բեմ բարձ­րա­ցաւ Ար­թուն Միսք­ճեան, որ դաշ­նա­մու­րի կա­տա­րո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց ե­րաժշ­տա­կան կտոր­ներ Կո­մի­տա­սէն եւ Շարլ Ազ­նա­ւու­րէն։

Յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նին, Թե­մա­կան Խոր­հուր­դի Ա­տե­նա­պետ Օ­հան Օ­հան­նէ­սեան ըն­թեր­ցեց իր սրտի խօս­քը 90ա­մեա­կի ու­րախ այս ա­ռի­թի կա­պակ­ցու­թեամբ, փո­խան­ցե­լով շնոր­հա­ւո­րա­կան իր մաղ­թան­քը, որ­մէ ետք ներ­կա­նե­րը մեծ հա­ճոյ­քով վա­յե­լե­ցին ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­ներ հայր ու որ­դի Նվեր եւ Սեյ­րան Ղա­զար­յան­նե­րու ներ­կա­յաց­մամբ (տու­տուկ եւ երգ)։

Սրա­հը աշ­խու­ժա­ցաւ, երբ ՙՍա­սուն՚ պա­րա­խում­բի ե­րի­տա­սարդ – ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ  խան­դա­վառ պա­րե­րով մտան սրահ ու հրա­ւի­րեալ­նե­րուն մէ­ջէն անց­նե­լով հա­սան բեմ։ Պա­րա­խում­բը, տու­տու­կի եւ թմբու­կի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուց ժո­ղովր­դա­կան ճոխ պա­րե­րու շարք մը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ խում­բի պա­րու­սոյց­ներ Սե­ւակ եւ Սա­րին Ա­ւա­գեան­նե­րու։ Ներ­կա­նե­րը բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան ա­նոնց ե­լոյ­թին։

Հայ­րե­նի լու­սան­կա­րիչ Զա­վեն Խա­չիկ­յան խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ 90ա­մեա­կի ա­ռի­թով։ Ան լուռ ա­ճուր­դի դրո­ւած իր մէկ լու­սան­կա­րի պատ­մա­կա­նը ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­նին, որ այս ու­րախ ա­ռի­թով Թո­րոն­թո­յի մէջ լու­սան­կար­չա­կան ան­հա­տա­կան իր ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռի­թը ստեղ­ծեց։

Ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գա­տար Հո­վիւ Զա­րեհ Ա­ւագ քհնյ․ Զար­գա­րեան փո­խան­ցեց իր պատ­գամն ու սրտի խօս­քը, ան­գամ մը եւս մէջ­բե­րե­լով 90ա­մեայ Սբ․ Եր­րոր­դու­թիւն Ե­կե­ղեց­ւոյ ու­նե­ցած դերն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը թո­րոն­թո­հայ հա­մայն­քին հա­մար, ա­նոր ձեռք բե­րած հո­գե­ւոր, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին նո­ւա­ճում­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։ Մատ­նան­շե­լով հիմ­նա­դիր­նե­րու կող­մէ մե­զի ժա­ռան­գո­ւած այս կա­ռոյ­ցի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ ան ա­ւել­ցուց, որ այ­սօր ա­ւե­լի քան հրա­մա­յա­կան է պա­հել Հայ Ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն հա­յա­բոյր հո­վա­նիին տակ սե­րունդ­ներ հա­սակ ա­ռած են եւ  ՀԱՅ ըն­տա­նիք­ներ կազ­մո­ւած։

Զա­րեհ Ա­ւագ քհնյ․ Զար­գա­րեան նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր, ներ­կայ Հո­վիւ­նե­րուն, Թե­մա­կան եւ Ծխա­կան Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, 90ա­մեա­կի կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն, ե­կե­ղեց­ւոյ քար­տու­ղա­րու­հի­նե­րուն, գրա­սե­նեա­կի կա­մա­ւոր աշ­խա­տող­նե­րուն, ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գա­տա­րին եւ բո­լոր հո­վա­նա­ւոր­նե­րուն ու ներ­կա­նե­րուն։

Ա­պա Սրբա­զան Հօր եւ Տէր Հօր ձե­ռամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ծխա­կան Խոր­հուր­դի շրջա­նա­ւարտ 7 ան­դամ­նե­րու պար­գե­ւատ­րում­նե­րը՝ ի­րենց տա­րած գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ Յա­ջոր­դա­բար յա­տուկ գնա­հա­տագ­րեր յանձ­նո­ւե­ցան ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող ան­հատ­նե­րուն՝ Ի­վէթ Փա­նո­սեա­նին (Տա­րո­ւայ Կի­նը), Ա­րա Տէր Յա­րու­թիւ­նեա­նին (Տա­րո­ւայ Մար­դը), Նա­րէ Շահ­մու­րադ­յա­նին (Տա­րո­ւայ Ե­րի­տա­սար­դու­հին), Ա­րեն Զար­գա­րեա­նին (Տա­րո­ւայ Ե­րի­տա­սար­դը),  Տէր եւ Տի­կին Լե­ւոն եւ Սել­լա Գալ­թաք­ճեան­նե­րուն  եւ ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն` Սա­գօ եւ Է­լիզ (Տա­րո­ւայ Ըն­տա­նի­քը)։

Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ բարձ­րա­գոյն ՙՍբ․ Խաչ՚ շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Ճաք Ստե­փա­նեան իր եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին կար­գի ՙՍբ․ Խաչ՚ շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցաւ Ա­բէթ Ալ­բայ եր­կար տա­րի­նե­րու իր ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Տե­ղի ու­նե­ցաւ 90ա­մեա­կի կար­կան­դա­կի հա­տու­մը Սրբա­զան Հօր, Տէր Հօր, Ծխա­կան Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու փո­խա­դարձ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։

Ե­րե­կոյ­թը իր ա­ւար­տին հա­սաւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր սրտի խօս­քով, որ շնո­րա­հա­ւո­րեց պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րը, խրա­խու­սեց հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Սրբա­զան Հայ­րը ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տեց Զա­րեհ Ա․ Քհնյ․ Զար­գա­րեա­նի եւ Ծխա­կան Խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ, ծու­խին եւ հա­մայն­քին նկատ­մամբ, յի­շե­լով՝ որ յա­ջորդ օր, Կի­րա­կի, 2 Դեկ­տեմ­բե­րին, Ս․ Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին պի­տի ըն­թեր­ցո­ւի Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ․ Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ ու­ղար­կո­ւած Օրհ­նա­գի­րը,  շնոր­հա­ւո­րե­լով Զա­րեհ Ա․ Քհնյ․ Զար­գա­րեա­նը՝ իր քա­հա­նա­յու­թեան 27 տա­րի­նե­րու եւ  հով­ւու­թեան 22 տա­րի­նե­րուն առ­թիւ։