Տերսիմի Հայկական Եկեղեցին Կը Գտնուի Ոչնչացման Եզրին


«Թերթ»․- Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Տերսիմ (թրքական պաշտօնական անուանումը` Թունջելի) նահանգի Հոզաթ շրջանի Էրգան գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է իբրեւ Էրգանի եկեղեցի, ամբողջական աւերման եզրին յայտնուած է:

Վերակառուցման կարիք ունեցող եկեղեցին պետութեան կողմէ պահպանութեան տակ առնուելու որոշումէն ետք նոյնիսկ որեւէ կերպով չէ նորոգուած:

Բացի այդ` Էրգանի եկեղեցին պարբերաբար կ՛ենթարկուի բնակիչներու՝ քիւրտ եւ զազա ալեւի գանձագողերու յարձակումներուն:

Եեղեցին կառուցուած է 975ին, պատերուն ներսի կողմը դեռ պահպանուած են հայատառ որոշ արձանագրութիւններ:

Էրգանի եկեղեցին կը համարուի Տերսիմի ամենամեծ ու հին հայկական եկեղեցիներէն մէկը. Կը պատմուի, որ 1915էն ի վեր անիկա չէ գործած. Ցեղասպանութեան ժամանակ եկեղեցւոյ վերջին քահանան սպաննուած է այստեղ:

Էրգան գիւղը նաեւ կը յիշատակուի Տերսիմի 1937-38 թուականներու կոտորածներու ժամանակ. Կը պատմուի, որ այստեղ սպաննուած են գիւղի 200 բնակիչներ, որոնց զանգուածային գերեզմանը կը գտնու գիւղին մէջ:

Յայտնի է, որ պատմական Տերսիմի տարածքին կան 132 եկեղեցիներ ու 4 վանքեր, որոնց մեծ մասը աւերակի վերածուած է: