Անահիտ Յարութիւնեան Նշանակուած է Գանատայի Մէջ Հայաստանի Դեսպան


ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով՝ Անահիտ Յարութիւնեան նշանակուած է Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Օթթաուա)։

Անահիտ Յարութիւնեան ծնած է 23 Փետրուար 1975ին:

Ուսում

– 2005-2007 Խուան Ռամօն Ֆերնանդէսի անուան լեզուներու ուսուցման համալսարան, Արժանթին:

– 2000-2001 Աթէնքի համալսարան, մագիստրոսի կոչում:

– 20 Յունիս-5 Յուլիս 2000 դիւանագիտական դասընթացքներ, Գահիրէ, Եգիպտոս:

– 26 Մարտ-10 Հոկտեմբեր 1999 Ֆլեթչըրի Իրաւունքի եւ Դիւանագիտութեան դպրոց, Ֆլեթչըր, ԱՄՆ:

– 15 Սեպտեմբեր-15 Դեկտեմբեր 1998 Քլինկէնտայի Միջազգային Յարաբերութիւններու համալսարանի դասընթացքներ, Հաակի, Հոլանտա:

– 1992-1997 ԵՊՀ արեւելագէտ-բանասէր, թարգմանիչ (թրքերէն):

Աշխատանքային գործունէութիւն

– 2018 Նոյեմբեր Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար:

– 11 Մայիս 2018էն Շուէտի ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական

– 2014-2018 ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի օգնական

– 2011-2014 Պելճիքայի ՀՀ դեսպանութեան առաջին քարտուղար

– 20 Յունուար-1 Սեպտեմբեր 2011 ՀՀ ԱԳՆ (Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն) Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար

– 2010-2011 ՀՀ նախագահի աշխատակազմ

– 1 Յունիս-20 Յուլիս 2010 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար

– 2009-2010 ՀՀ նախագահի աշխատակազմ

– 2009 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի առաջին քարտուղար

– 2008-2009 ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկայի վարչութեան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բաժնի երկրորդ քարտուղար

– 2005-2008 Արժանթինի ՀՀ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար

– 2004-2005 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի երկրորդ քարտուղար

– 2000-2004 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի երրորդ քարտուղար, 2001էն՝ նոյն բաժնի վարիչ

– 1998-2000 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի կցորդ

– 1997-1998 Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան Թուրքիոյ բաժնի պատասխանատու

Օտար լեզուներու իմացութիւն

Ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, թրքերէն

Ընտանեկան կարգավիճակ

Ամուրի