Գամիշլիի Մէջ Նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Անուանակոչութեան Տօնը


Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին անուանակոչութեան տօնը, ըլլալով Գամիշլիի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը նաեւ, աւանդաբար կը նշուի յատուկ ծիսակատարութեամբ:

17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղի եւ մատաղի օրհնութիւն: Նախքան Հերիսայի պատրաստութիւնը, օրհնուած աղը փոքր տուփերով բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Նոյն օրը ուշ գիշերին, խումբ մը կամաւորներ ընկերակցեցան եկեղեցւոյ Մարմնին եւ Եկեղեցասիրաց Տիկնաց Յանձնախումբին` միասնաբար պատրաստելու աւանդական Հերիսան:

Այս աշխատանքը շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի առաւօտուն, երբ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Պսակ Քահանայ Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ:

Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի կեանքին եւ հաւատքին, նշելով որ հաւատքն ու աշխատանքը աշխարհի փորձութիւնները յաղթահարելու գլխաւոր ազդակներն են, իսկ աշխատանքը հաւատքին համահաւասար զօրութիւն կը պարգեւէ մարդ արարածին` դէմ դնելու ամէն տեսակի դժուարութեան ու նուաճումներ արձանագրելու նոյնիսկ ծանր պայմաններու մէջ:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հերիսայի օրհնութթիւնը, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան միջնակարգի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Հերիսայի բաշխումը: