Դադիվանքի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Սուրբ Զատիկը․ Տեղի Ունեցաւ Զինուորներու Մկրտութիւն (լուսանկարներ)


«Արցախփրես»․- Ապրիլ 16ին, վաղ քրիստոնէական մենաստան Դադիվանքի մէջ (4-6 դդ.) մատուցուած է Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագ, որ կատարուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հոգեւոր ծառայութեան առաջին պատասխանատու  Տ. Վրթանէս վարդապետ Աբրահամեանի ձեռամբ:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցած է  30 զինուորներու մկրտութեան արարողութիւն, ապա «Ուրախ Զատիկ» փառատօնը։

Ներկայ եղած են հազարաւոր ուխտաւորներ Արցախի բոլոր շրջաններէն, Ստեփանակերտէն, Հայաստանէն ու Սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ` օտարներ արտերկրէն:  Տօնը աւելի գեղեցիկ ու ազգային-ժողովրդական դարձուցած են Շահումեանի շրջանի 16 համայնքները ներկայացնող բնակիչները, որոնք սեղաններ զարդարած են ու կազմակերպած հիւրասիրութիւն: Վանական համալիրին մէջ նաեւ տեղի ունեցած է ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, ազգագրական խաղեր:  Համերգային ծրագիրով հանդէս եկած է Արցախի «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական խումբը:

Կեդրոնին՝ Արցախի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան

Տեղւոյն վրայ հիւրերը հիւրասիրուած են արցախեան ժենգեալով հացով, մատաղ եղած գառնուկի միսով, զատկուան տօնին յատուկ  աւանդական ուտեստներով, ձուկով, կանաչեղէնով, գաթաներով, ներկուած հաւկիթով: