Երբ Խօսքը Հայերուն Կամ Քիւրտերուն Մասին է, Թուրքիոյ Իսլամականները, Քեմալականներն ու Ազգայնականները Մէկ Կ՛ըլլան. Կարօ Փայլան


Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին մէջ մեկնաբանած է աղմկայարոյց ելոյթէն ետք իրեն ուղղուած քննադատութիւններու տարափն ու յառաջացած իրարանցումը:

«Երբ խօսքը հայերուն կամ քիւրտերուն մասին է, իսլամականները (նկատի ունի իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը- tert.am), քեմալականները (Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւն) ու ազգայնականները («Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւն) Թուրքիոյ մէջ մէկ կ՛ըլլան»- գրած է Փայլան:

Յիշեցնենք, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկման ժամանակ յիշեցուցած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Փայլան, մասնաւորապէս, նշած էր, որ երկրին անհրաժեշտ է այնպիսի Սահմանադրութիւն, որ պաշտպանէ Թուրքիոյ բազմակրօն ու բազմաէթնիկ հասարակութեան բոլոր շերտերուն իրաւունքները:

Փայլան յիշեցուցած էր, որ Թուրքիոյ մէջ Սահմանադրութեան առաջին օրինակը կազմուած է հայերուն կողմէ, եւ ընդգծած, որ երկիրը ընկղմուեցաւ քաոսի մէջ, երբ իշխանութիւնները սկսան ներկայացնել միայն թուրքերուն շահերէն բխող Սահմանադրութեան օրինակներ, ինչպէս եւ հիմա:

«Այդ քաոսային շրջանին մէջ մենք կորսնցուցինք չորս ազգ` հայերը, յոյները, ասորիները եւ հրէաները, որոնք մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու հետեւանքով այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած»,- ըսած էր Փայլան:

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու պատգամաւորները ընդհատած էին հայ պատգամաւորը` «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով, ու պոյքոթած են անոր ելոյթը` սեղաններուն զարնելով: Փայլանը քննադատած են նաեւ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

«Ցեղասպանութիւն» եզրոյթին համար Կարօ Փայլանը պատժած են` զրկելով յառաջիկայ 3 նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն: Փայլանի խօսքերը հանուած են նիստի արձանագրութիւններէն: