Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Դիտորդական Առաքելութիւնը Արցախի Հանրաքուէն Կը Գնահատէ Օրինակելի


«Արմենփրես»․- Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի դիտորդական առաքելութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն կը գնահատէ օրինակելի եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող: Ստեփանակերտի մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ Եւրոպայի Հայ դատի դիտորդական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ  Գասպար Կարապետեան  նշած է, որ հանրաքուէն իրականացուած է արհեստավարժ եւ թափանցիկ:

«Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն գոհունակութեամբ տեղեկացանք, որ հանրաքուէն կազմակերպելու համար նկատի առնուած են միջազգային դիտորդներու եզրակացութիւնները ու գաղափարները: Մեր առաքելութեան բոլոր դիտորդները եզրակացուցած են, որ ընդհանրապէս ընտրական հարցերով պատասխանատուները յաջողած են կազմակերպել լաւ եւ օրինական հանրաքուէ` արհեստավարժ եւ թափանցիկ կերպով»,-­ ըսած է ան:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի դիտորդները եղած են Արցախի 11 տարածքային շրջաններու 48 ընտրատեղամասերուն մէջ եւ տեղեկացուցած, որ հանրաքուէն տեղի ունեցած է թափանցիկ, հանդարտ եւ օրինական, գործի դրուած են ընտրական օրէնսգիրքով նախատեսուած բոլոր միջոցները ու գործողութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան հանրաքուէի կեդրոնական յանձնաժողովը ընդունուած կը համարէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը: