Զապել Եսայեանի Անուան Ծառուղի՝ Փարիզի Մէջ


ՓԱՐԻԶ․- Մարտ 8ին` կանանց իրաւունքներու համար պայքարի օրուան առիթով, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ Ֆրանսայի  մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի ներկայութեամբ քաղաքի Հանրապետութեան պողոտայի եւ Թլիմսեն ու Սփինոզա փողոցները (20րդ եւ 11րդ շրջաններ) իրար կապող հատուածին մէջ գտնուող ծառուին անուանակոչեց հայ կին գրող, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Զապէլ Եսայեանի անունով: Ծառուղին կ՛երկարի Մենիլմոնթան պողոտայի կեդրոնական հատուածով:

Անն Իտալկօ ելոյթի պահուն

1878ի Փետրուար 4ին Կ․ Պոլսոյ  Սկիւտար թաղամասին մէջ  ծնած Զապէլ Եսայեան (ծն. Յովհաննիսեան) ուսած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ: Իր «Աւերակներուն մէջ» (1911) աշխատութեան մէջ Զապէլ Եսայեան վաւերագրած է Ատանայի մէջ 1909ին տեղի ունեցած հայերու ջարդերը, որոնց ընթացքին աւերուած են քաղաքի հայկական թաղամասերը, սպաննուած աւելի քան 30.000 հայ:

Զապէլ Եսայեան ճամբորդած է Եւրոպայով` բարձրաձայնելով հայերու ջարդերու մասին, նուիրուած երիտասարդ աղջիկներու կրթութեան եւ ցեղասպանութենէն որբացած երեխաներու փրկութեան առաքելութեան: 1933ին ան մշտական կը հաստատուի Խորհրդային Հայաստան։ Երեւանի մէջ կը ղեկավարէ Պետական համալսարանի Արեւմտեան գրականութեան բաժինը: Զոհ կ՛երթալով  ստալինեան բռնութիւններուն՝ կը ձերբակալուի 1937ին եւ կ՛անհետանայ 1943 թուականին: