Թորոնթոյի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄի 46րդ Պատգամաւորական Ժողովը


Օգոստոս 25էն 26, Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄի (Գանատայի Երիտասարդական Միութեան) 46րդ պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ էին Գանատայի տարբեր շրջաններէն եկած 32 պամգամաւորներ, ներկայացնելով իրենց մասնաճիւղերը․ «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ»՝ Մոնթրէալ ու Լաւալ, «Արամ Մանուկեան»՝ Գէմպրիճ, «Արշաւիր Շիրակեան»՝ Վանգուվըր եւ «Սիմոն Զաւարեան»՝ Թորոնթօ։ Ժողովին ներկայ էր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի,  ԳԵՄի ներկայացուցիչ ընկ. Արա Քրճիքեան: Հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ՝ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ընդհանուր վարիչ մարմինի, ՀԵԴ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի շրջաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Վանաձորի ՀՅԴ ԳԵՄի ամառնային ճամբարի տնօրէնուհին։

Ժողովի ընթացքին, պատգամաւորները բազմակողմանի քննարկումներ կատարեցին եւ արժեւորեցին միութեան անցնող տարեշրջանի աշխատանքները:

 Ժողովի օրակարգի քննարկուող կարեւոր նիւթերէն էին՝ ԳԵՄի կազմակերպական առաւել աշխուժացումը, ՀՅԴ ԳԵՄիՎանաձորի ամառնային ճամբարը ու այս տարի իրականացած Սպիտակի ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան շարունակականութիւնն ու տարածումը, Հայ Դատի գծով ԳԵՄ-ի քաղաքական գործունէութիւնն ու դաստիարակչական այլ ծրագիրները։

 Ժողովը յատուկ կերպով կարեւորեց ՀՅԴ ԳԵՄի Հայաստանեան ամառնային ճամբարներու ծրագրի ընդլայնումը։ Հիմնուելով անցնող 8 տարիներու փորձին վրայ, որոնց ընթացքին ԳԵՄականները Վանաձոր քաղաքին մէջ դաստիարարկչական ճամբար իրականացուցած են, որոշուեցաւ աւելի մեծ թափով շարունակել գործը ու Սպիտակի ճամբարն ալ դարձնել տարեկան ճամբարային ծրագիր։ Վերոնշեալ ճամբարնները հարիւրաւոր Վանաձորցի երեխաներու ծառայած են արդէն, իսկ այս տարուան նոր կազմակերպուած Սպիտակի ճամբարին մասնակցած են 125 պատանիներ:

՚Երկօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովը ընտրեց 2018-2019 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմը: