Հալէպի Ազատագրուած Շրջաններուն Մէջ Հայ Արհեստաւորներ Սկսած Են Վերանորոգման Աշխատանքներու


Սուրիական բանակին կողմէ Հալէպի վերագրաւումով հայկական թաղամասերուն մէջ վտանգը համարեայ չէզոքացած է:

Դպրոցական կեանքը վերսկսած է բնական ըլլալ, իսկ ծնողները առաջին անգամն ըլլալով հանգիստ միտքով դպրոց կը ղրկեն իրենց երեխաները: Ազատագրուած շրջաններուն մէջ հայ արհեստաւորները սկսած են վերանորոգման աշխատանքներու. գաղութին մէջ կը տիրէ վերականգնումի հոգեբանութիւն:

Ելեկտրականութեան, ջուրի եւ համացանցի հասանելիութիւնը բաւական բնականոն է:  ժողովուրդը ելեկտրականութիւն կը ստանայ թաղամասերուն մէջ տեղադրուած ելեկտրական շարժակներէն, ջուրի մատակարարումը վերականգնած է, իսկ համացանցը հասանելի է բոլորին: