Հալէպն Այսօր


Մանուէլ Քէշիշեան

2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը հասած է իր աւարտին: Այսօր վերջացան նաեւ պրովէյի (միջնակարգ) պետական քննութիւնները: Մեր առջեւ մնացած են պաքալորիայի պետական քննութիւնները, որոնց կը յաջորդէ համալսարանական քննաշրջանը:

Հինգ տարիէ ի վեր ամէն տեսակի չարիքներէ տագնապող Հալէպը քիչ մը հանգիստ շունչ կը քաշէ, աւելի ճիշդ կ’ուզէ հաւատալ թէ  հիմա ինք կը վայելէ խաղաղութեան բարիքները, կ’ուզէ հաւատալ թէ անապահով օրերը արդէն անցեալին կը պատկանին, թէեւ քաղաքէն դուրս կը շարունակուին կռիւները եւ երբեմն լսելի կը դառնան թնթանօթներու որոտումները, սակայն քաղաքը ապահով վիճակի մէջ կը թուի ըլլալ՝ չհաշուած անանկնկալ բախումները պետական խմբաւորումներու միջեւ, ինչպէս որ պատահեցաւ անցեալ շաբաթ երբ ոստիկանութիւնը փորձեց ձերբակալել ժողովրդային յանձխնախումբերէն (ժողովուրդը զանոնք շէպպիհ՝ ուրուական կ’անուանէ) անկարգապահ զինեալներ:

Փակագիծի մէջ նշենք, որ ժողովրդային այս յանձնախումբերը կազմուեցան սուրիական տագնապի սկիզբը. Անոնց պարտականութիւնն էր ապահովութիւնը պահպանել քաղաքներէն ներս, թոյլ չտալով խլրտումներու յառաջացման: Ժամանակի ընթացքին անոնք դարձան անհնազանդ եւ անզսպելի տարրեր: Անոնք յաճախ կողոպտեցին իրենց վստահուած շրջաններու տուներն ու խանութները: Ներկայիս պետութիւնը կը փորձէ զսպել զանոնք, կը փորձէ չափ դնել անոնց սանձարձակութեան, կը փորձէ զանոնք ներառնել կանոնաւոր զօրքին մէջ՝ որպէս կամաւոր: Մէկ խօսքով կ’ուզէ անոնց ներկայութիւնը չէզոքացնել քաղաքներու մէջ:

Հանգիստ շունչ առնել ուզող Հալէպի գլխաւոր մտահոգութիւններէն է 6-7 տարիներէ ի վեր բանակին մէջ որպէս զինուոր ծառայող իր զաւակներուն վիճակը: Մենք հայերս քառասունէ աւելի այդպիսի երիտասարդներ ունինք: Անխտիր բոլոր սուրիացիները կը մտահոգէ նաեւ պահեստի զինուորնրուն հարցը: Սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք թէ ոչ մէկը կ’ուզէ այսպիսի պայմաններու մէջ բանակին միանալ որպէս պահեստի զինուոր եւ դժուար թէ կարենանք գտնել մէկը, որ իր կամքով կը միանայ բանակին: Բանակը քաղաքին մէջ անցարգելներ տեղադրած է, որոնք կը ստուգեն անցորդներու անձնագրերը եւ  պահանջուած անձերը կը ձերբակալեն, որոնք քանի մը օր բանտարկուելէ ետք կը զինուորագրուին: Ասիկա դուրս գտնուողներուն մօտ կը վանէ վերադառնալու մտադրութիւնը, իսկ հոս գտնուող երիտասարդները կը մղէ երկրէն դուրս գալու ճանապարհներ փնտռտուքին: Այս պարագան կը վերաբերի բոլոր սուրիացիներուն՝ առանց բացառութեան:

Հալէպը այսօր գրեթէ մշտահոս ջուր ունի: Երբեմն օրական քանի մը ժամ պետութիւնը ելեկտրականութիւն կու տայ. Լուրեր կը շրջին թէ շուտով քաղաքի արեււմտեան՝ մեր թաղամասերը օրական կանոնաւոր կերպով ութ ժամ ելեկտրականութիւն պիտի ունենան իսկ ելեկտրածին սարքերը պիտի փոխադրուին արեւելեան քանդուած թաղամասեր:

Հալէպի ժողովուրդին մեծ մասը իր օրապահիկը կը հոգայ նպաստներու օգնութեամբ: շատեր կը ջանան վերաշինել իրենց քանդուած խանութները: Անգործ մարդիկ շատ կան տակաւին մանաւանդ յիսունէն վեր տարիք ունեցողները: Երիտասարդներուն շահած դրամը չի բաւեր իրենց եւ տարիքը մեծցող ամուրիներուն թիւը կը բազմանայ: Ամէն ինչ շատ սուղ է: Ոչխարի կամ կովի միս ճաշակողներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է: Հիմա այնքան հազուագիւտ է  տեսնել Նոր Գիւղի հայկական բոլոր պատշգամներէն բարձրացող Կիրակնօրեայ խորովածներու ծուխը, զգալ այդ խորովածներուն անչափ համեղութիւնը, լզել շրթունքդ զգալով Հալէպի քէպապին անդիմադրելի համը: Սուղ է, ամէն ինչ շատ սուղ է, եւ մարդիկ ստիպուած են բաւականանալ ամառնային պտուղներու գիները հարցնելով միայն, յուսալով որ քանի մը շաբաթ ետք կ’աժաննան անոնք եւ իրենց զաւակները կը համտեսեն Համով կերասն ու նոր աշխարհը, ծիրանն ու  թարմ խնձորը:

Այս ամէնով հանդերձ հալէպահայութիւնը լաւատեսական օրեր կ’ապրի. կը վերաբացուին հայկական ամառային սրճարանները: Պատասխանատուները կը փորձեն վերակենդանացնել հայկական Նոր Գիւղը, յատկապէս Զարէհ Կաթողկոսի անունը կրող փողոցը, որուն վրայ կը գտնուին Ազգային Քարէն Եփփէ վարժարանն ու Տիգրանեան պարտէզը, ուր Մայիս 27ին եւ 28ին Հայաստանէն երգիչ Արսէն Գրիգորեանի (բնիկ Գամիշլիցին) համերգներով պիտի նշուի Հայաստանի առաջին անկախութեան տօնը: Առանց բացառութեան Հալէպի բոլոր կազմակերպութիւնները հին օրերու համով ու հոտով նշեցին Համբարձման հայկական աւանդական տօնը: Սակայն ամէնէն յատկանշականը այս օրերուն դպրոցական հանդէսներու շարանն է, որ կը տեւէ մինչեւ Յուլիս: Հիմա ներկայ կը գտնուինք մանկապարտէզներու հանդէսներուն, ուր կը տեսնենք պատերազմի սկսելուն հետ ծնած մանուկներ: Այս սերունդը չէ վայելած հալէպի խաղաղ օրերը, այս սերունդը քաղաքէն դուրս պտոյտի չէ գացած, այս սերունդը դպրոց եկած-գացած է վախով ու սարսափով՝ ռումբերու եւ զանազան զէնքերու ձայներուն ընկերակցութեամբ:

Այս սերունդը այսօր բեմին վրայ է եւ կը ստանայ շրջանաւարտի իր առաջին վկայականը:

Հալէպի հայկական դպրոցներուն մէջ ուսումը կը սկսի մանկապարտէզէն: Մեր մանուկները խաղի հետ եւ խաղալով կը սորվին հայոց այբուբենն ու արաբերէն տառերը: նոյնիսկ անգլերէն երգեր կ’երգեն եւ երեք տարի յաճախելէ ետք կը փոխադրուին նախակրթարանի առաջին դասարան:

Այս հանդէսները կարծէք թէ մեզի կը յիշեցնեն մօտիկ՝ շատ հեռու Հալէպը: Տագնապի Հինգ տարիներէն ետք կը կարդացուին նուիրատուներու անուններ: Հինգ տարիներ ետք շրջանաւարտներու ծնողները իրենց բարեկամներն ու հարազատները կը հրաւիրեն ճաշարան՝ կիսելու իրենց ուրախութիւնը:

Հալէպահայերը կը փորձեն իրարմով մխիթարուիլ, մոռնալով իրենց զոհուած հարազատներուն սուգը կը փորձեն բարեկամի ուրախութեամբ հրճուիլ: Բոլորը կը փորձեն հաւաքական ուրախութեամբ միաւորուիլ:

Սակայն…

Եթէ նախակրթարան մը 60 շրջանաւարտ ունի ապա նոյն վարժարանի մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն թիւը 35 է: այլ մանկապարտէզներունը 28 եւ 25, կան նաեւ միայն 4 կամ հինգ շրջանաւարտ ունեցող մանկապարտէզներ: Հայկական բոլոր մանկապարտէզներու այս տարուան շրջանաւարտներուն թիւը 120 չ’անցնիր եւ եթէ արձանագրենք, որ Հալէպի մէջ  2014ին ծնած են 150 հայ մանուկներ, 2015ին 110 , 2016ին 90, ապա կրնանք պատկերացնել մեր դպրոցներուն եւ ընդհանրապէս մեր գաղութին ապագան:

Ամէն պարագայի Հալէպի հայկական գաղութը լաւատես կ’ուզէ ըլլալ իր ապագայով: Մեր թաղերուն մէջ այսօր կը հանդիպինք բազմաթիւ հայ մանուկներու, որոնք բարձրաձայն Խօսիլ-խնդալով կ’երթան հայկական ակումբ՝ գծելու, նուագելու, երգելու, շախմատ եւ պասքէթպոլ խաղալու…

Մեր թաղերուն մէջ այսօր կը հանդիպինք նաեւ տեղացի ոչ հայ կիներու, որոնք կը ճեմեն իրենց ետին քարշ տալով մէկը միւսէն մէկ տարի մեծ կամ փոքր 4-5 զաւակներ՝ մեծ մասամբ տագնապի տարիներու ծնունդ մանուկներ…